Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ Իսրայէլի գիշերային օդային հարուածներէն զոհուած է 13 մարդ, կայ 57 վիրաւոր:
Ինչպէս յայտնած է BBC-ն, ընդհանուր առմամբ, երէկ գիշերը Պէյրութի հարաւային հատուածին հասցուած է 13 օդային հարուած, այդ շարքին՝ Ռաֆիք Հարիրիի համալսարանական հիւանդանոցի մեքենաներու կայանատեղիին:
Իսրայէլը պնդած է, որ յարձակման թիրախը լիբանանեան «Հըզպալլա» շարժման հետ կապուած կառոյցներն են: Իսրայէլի իշխանութիւններն աւելի վաղ զգուշացուցած էին լիբանանցիները հեռանալ հարաւային Պէյրութի քանի մը վայրերէ, սակայն Ռաֆիք Հարիրիի հիւանդանոցը նշուած վայրերուն մէջ չկար:
«Հըզպալլա»-ն, յաջակցութիւն պաղեստինցիներու, հիւսիսային Իսրայէլի ուղղութեամբ սկսած է հրթիռներ արձակել 2023 թուականի հոկտեմբեր 8-էն՝ Իսրայէլի վրայ իր դաշնակից «Համաս»-ի խոշոր յարձակման յաջորդ օրը: Ատկէ ետք Իսրայէլը սկսած է պատասխան հարուածներ հասցնել:
Այդ ժամանակուընէ ի վեր Լիբանանի մէջ սպանուած է աւելի քան 2400 մարդ, այդ շարքին՝ 1800-ը՝ վերջին հինգ շաբթուան ընթացքին, ըստ երկրի առողջապահութեան նախարարութեան։