Երկրի քաղաքական թէժ թեմաներուն յատկացուած եւ հանրայայտ մեկնաբան՝ Մարսէլ Ղանէմի հաղորդման ընթացքին հերթական լեզուակռիւը վերածուած է քաշքշոցի։
Վէճը եղած է քրիստոնեայ լրագրող Սիմոն Ապու Ֆատէլի եւ տիւրզի քաղաքական գործիչ Ուիամ Ուահապի միջեւ, երբ վերջինս լռեցնելու համար իր ընդդիմախօսը ջուրով լեցուն ապակեայ բաժակը շպրտած է Ապու Ֆատէլի երեսին։
Տաղաւարէն ներս լարուածութիւնը աճած է, երբ երկու ընդդիմախօսներու համակիրները միացած են ընթացող քաշքշուքին։
Ամէնէն աւելի վիրաւորուած լրագրող Ապու Ֆատէլ, որ յայտնի է իր աջակողմեան եւ «Հըզպալլա»ի դէմ ունեցած տեսակէտներով։
«Արեւելք»ի ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ այս առաջին անգամը չէ, որ նման վէճեր կը ծագին յատկապէս «Սար ալ ուաթ»ի տաղաւարէն ներս, բան մը որ կ՚արտացոլէ երկրին մէջ առկայ սուր տարակարծութիւններն ու անկէ բխող լարուածութիւնները։
شهد استديو "صار الوقت" عراكاً بالأيدي بين رئيس حزب التوحيد العربي وئام وهاب والصحافي سيمون أبو فاضل.#mtvlebanon #mtvlebanonnews #صار_الوقت pic.twitter.com/dbXRRyNJ5Z
— MTV Lebanon (@MTVLebanon) July 20, 2023