image

Լիբանանի մէջ հաստատուած է կապիկի ծաղիկով վարակման առաջին դէպքը

Լիբանանի մէջ հաստատուած է կապիկի ծաղիկով վարակման առաջին դէպքը

Լիբանանի Առողջապահութեան նախարարութիւնը տեղեկացուցած է, որ յայտնաբերուած է երկրին մէջ կապկի ծաղիկով վարակման առաջին դէպքը արտասահմանէն վերադարձած մարդու մը մօտ, որն այժմ մեկուսացած է իր տան մէջ:

Նախարարութիւնը տեղեկացուցած է, որ հիւանդին վիճակը կայուն է, եւ որ իշխանութիւնները կը հետեւին անոր շփումներուն:

Լիբանանը վերջին երկիրն է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, ուր գրանցուած է կապիկի ծաղիկով վարակման դէպք:

Իսրայէլը եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Մայիսին յայտնաբերած էին այդ հիւանդութեամբ վարակման առաջին դէպքերը: