image

Լիբանանի մէջ. Համընդհանուր ՍՈՒԳԻ ՕՐ

 Լիբանանի մէջ. Համընդհանուր   ՍՈՒԳԻ ՕՐ

Լիբանանի ամբողջ տարածքին  այսօր համընդհանուր սուգի օր յայտարարուած է։

Այս մասին տեղեկութիւնը հրապարակուած է լիբանանեան ԶԼՄ-ներուն կողմէ, որոնք յղում տուած են  Վարչապետ Միքաթիի կառավարութեան որոշման։

Յիշեցնենք, որ այսօր Պէյրութի  ծայրամասային  շրջաններուն մէջ  մեծ լարում գրանցուած էր։

 Տեղի ունեցած էին զինեալ բախումներ, որոնց հետեւանքով ալ զոհուած էին վեց անձեր։

 Ըստ Լիբանանի «Կարմիր Խաչ»ին   վիրաւորներուն թիւը անցած էր երեսունը։

 Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ անցնող օրերուն Լիբանանի մէջ  առկայ լարումը մեծ հաշուով կապ ունէր տարի մը առաջ  Լիբանանը  ցնցած  Պէյրութի նաւանագիստի պայթումին շուրջ բացուած դատական գործընթացներուն հետ։