image

Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններ. Մէկ քայլ առաջ, երկու քայլ ետ

Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններ. Մէկ քայլ առաջ, երկու քայլ ետ

Ինչպէս լիբանանցի, նոյնպէս օտար քաղաքական լուրջ մեկնաբաններ մեծ լաւատեսութիւն եւ դրական արդիւնք չէին ակնկալեր Մայիս15-ի երեսփոխանական ընտրութիւններէն: Այն արհաւիրքը, որուն մէջ կը տուայտի լիբանանցի տառապեալ ժողովուրդը բնականաբար պիտի չանէանայ Խորհըրդարանէն ներս քաղաքական կարգ մը նոր գործիչներու ներկայութեամբ, որոնք պիտի ձայն տան բոլոր այն լիբանանցի քաղաքացիներուն որոնց արդար պահանջները ցարդ ոտնակախուած են աւանդական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն կողմէ:

Լիբանանցի ժողովուրդին կրած ծանր վէրքերը վերջին երկու-երեք տարիներուն պիտի չսպիանան շուտով: Երկրին տնտեսական փլուզումը, որուն ճարտարապետները տակաւին անպատկառ կերպով կը տողանցեն ժողովուրդին առջեւ եւ ելոյթներ կ՛ունենան հեռուստատեսիլէն` իրենք զիրենք չքմեղելու մտահոգութեամբ, ՙՔորոնա՚ ժահրին բերած պատուհասը` տակաւ սաստկացուց ժողովուրդին զրկանքներով առլցուն ամէնօրեայ կեանքը: Տակաւին առաւել ըլլալով նաւահանգիստի պայթումը` լիբանանցին զրկեց իր ամէնէն տարրական իրաւունքներէն եւ նոյնիսկ համեստ կեանք մը ապրելու հնարաւորութենէն: Երկիր մը, որուն դրամանիշը 90 առ հարիւր տոկոսով կորսնցուցած է իր արժէքը, երկիր մը ուր քաղաքացին իր ճակտին քըրտինքով շահած եւ դրամատան մէջ պահ դրած իր դրամը չի կրնար քաշել, երկիր մը, որուն բնակչութեան 75 առ հարիւրը, համաձայն Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան վկայեալ տուեալներուն, չքաւորութեան մէջ կ՛ապրի: Տարօրինակ երկիր: Լիբանանի քաղաքական-տնտեսական անորոշութեան անդունդին մէջ, կը թուի թէ մայիսեան երեսփոխանական ընտրութեանց իբրեւ անդրադարձ, լաւատեսութեան մեղմ նշաններ կը նշմարուին: Առաջին հերթին եւ առաջին անգամ ըլլալով, 14 երեսփոխաններ մուտք կը գործեն խորհրդարանէն ներս, առանց հարկատու ըլլալու քաղաքական որեւէ մէկ հոսանքի: Լիբանանցի քաղաքացին արդարօրէն կը յուսայ թէ անոնց ներկայութիւնը պիտի խթանէ իրենց իրաւունքներուն վերականգնման: Իբրեւ խմբաւորում, 14-ը պատկառելի թիւ մը կը ներկայացնէ:

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի բացակայութիւնը ընտրապայքարէն` ակնկալուածին չափ հարուած մը չհասցուց սիւննի համայնքին: Իր նախկին հաւատարիմ գործակիցներէն քանի մը հատը իբրեւ անկախ թեկնածու` յաջողեցան աթոռ գրաւել խորհրդարանէն ներս: Քաղաքական վերլուծողներ լուրջ մտահոգութիւն կը յայտնէին թէ նախկին վարչապետ Հարիրիի հրաժարումով Լիբանանի քաղաքական կեանքէն, տակաւ պիտի տկարացնէր սէուտական Արաբիոյ եւ ԱՄՆ-ի ազդեցութիւնը Լիբանանի մէջ: Այսուհանդերձ յստակ կերպով կարելի է եզրակացնել թէ Ռիատը պիտի չզիջի Իրանին` Լիբանանի մէջ: Երեսփոխանական ընտրութիւններու վաղորդայնին, Սէուտական Արաբիա իր դեսպանը ղրկեց Պէյրութ երկար բացակայութենէ մը ետք: Դեսպան Պուխարի պաշտօնական եւ անպաշտօն տեսակցութիւններ ունեցաւ լիբանանցի քաղաքական բազմաթիւ գործիչներու հետ: Պարզ է թէ Լիբանանի մէջ Իրանի ազդեցութիւնը սահմանափակելու ամէնէն արդիւնաւոր միջոցը պիտի ըլլար Հըզպալլան զրկել խորհրդարանէն ներս վեթօ ունենալու ոյժէն, գործակցութեամբ դաշնակից նախագահ Աունի խմբակցութեան: Հըզպալլան, ինչպէս նաեւ նախագահ Աունի շարժումը կորսնցուցին քանի մը աթոռներ` անկախ թեկնածուներու, որոնք իրենց կամակատարները պիտի չըլլան: Ներկայ թուաբանութեամբ Հըզպալլան անզօր է իր կամքը պարտադրելու խորհրդարանէն ներս: Միւս կողմէ, թէեւ քրիստոնեայ համայնքը պառակտուած կը մնայ, սակայն Սամիր Ժահժահ յաջողեցաւ անսպասելիօրէն փայլուն յաղթանակ մը արձանագրել: Այս ձեւով, Ժահժահ, փաղանգաւոր եւ այլ քրիստոնեայ կարգ մը երեսփոխաններու հետ, խորհրդարանէն ներս պիտի ունենայ մեծագոյն քրիստոնեայ հատուածը: Ակնյայտ է, արդարեւ, թէ ուժերու հաւասարակշռութիւնը խախտած է Հըզպալլան` իր քրիստոնեայ դաշնակիցներով, պիտի չյաջողի խոչընդոտել տնտեսական գետնի վրայ ծրագրուած բարենորոգումները: Հորիզոնի վրայ է նաեւ նախագահական ընտրութիւնը եւ Հըզպալլան իր բոլոր դաշնակիցներով պիտի չյաջողի իր նախասիրած թեկնածուն նախագահական աթոռ բարձրացնել` ինչպէս պատահեցաւ ներկայ նախագահին պարագային: Մայրիներու մեր սիրելի հայրենիքը եւ անոր ժողովուրդը արժանի է կառավարութեան մը, որ ներդաշնակութեամբ կը գործէ եւ մէկ կողմ կը ձգէ գձուձ հաշիւներ:

Թէեւ քաղաքական գետնի վրայ երեսփոխանական ընտրութիւնները երկրաշար՞ժ մը չառաջացուցին, այնուհանդերձ աւանդական կուսակցութիւնները, որոնք Լիբանանի քաղաքական կեանքը տիրապետած են տասնամեակներէ ի վեր, տեսան, թէ անկախ թեկնածուներ կրնան խորհրդարան մտնել` ծառայելու համար հասարակ ժողովուրդին:

 

ՌՈՒՍԱԿԱՆ ԽՐԱՄԱՏԸ

Աշխարհաքաղաքական, ռազմադիւանագիտական եւ տնտեսական տեսանկիւնէն դիտուած, Քրեմլինի միահեծան ղեկավար նախագահ Փութինի շղթայազերծած լայնատարած նախայարձակումը սահմանակից Ուքրանիոյ դէմ` այսօր կարելի է գնահատել իբրեւ ռուսական դաշնակցութեան դէմ կատարուած կործանարար պատուհաս մը:

 Առաջին հերթին, երբ ամիսներու պատրաստութիւններէ ետք, ռուսական բանակը նախագահ Փութինի բնութագրումով ՙՄասնաւոր գործողութիւններու՚ ձեռնարկեց, այն ընդհանուր կարծիքը կը տիրէր, թէ յարաբերաբար կարճ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին ռուս զինուորները պիտի ՙազատագրէին՚ մայրաքաղաք Քիեւը եւ հոն հաստատէին Քրեմլինի համակիր իշխանութիւն մը: Յիրաւի, Փետրուար 24-ին սկսած արշաւանքը առաջին երկու-երեք շաբաթներուն ընթացքին ապացուցանեց, թէ ռուսական բանակը պիտի չյաջողեր ընկճել Քիեւի հակա-ռուս եւ համա-արեւմուտք վարչակարգը: Ուրեմն, քանի մը տարիներ առաջ, երբ ռուս նախագահը անհիմն գոռոզութեամբ յայտարարեց թէ եթէ ուզենք մեր ուժերը ղրկելով երկու շաբթուան ընթացքին կրնանք գրաւել Ուքրանիան, թիթեղի ձայնի կը նմանի այսօր:

 Ռուս բանակին վարկն ու պատիւը մաշեցաւ պատերազմի այս չորս ամիսներուն ընթացքին: Սահմանակից Ֆինլանտան, միշտ չէզոք նոյնիսկ ցուրտ պատերազմի օրերուն, դիմած է մաս կազմել ՆԱԹՕ-ին, ինչպէս նաեւ Շուէտը, որ Նաբոլէոնական պատերազմներէն ի վեր հեռու մնացած է զինուորական ուխտերէ: Երկար տարիներէ ի վեր Մոսկուայի խոհեմ քաղաքականութիւնը` ներգրաւուելու Եւրոպական Միութեան տնտեսական դաշտէն ներս եւ խրամատ մը բանալու Եւրոպական Միութեան եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ, քանի մը շաբթուան ընթացքին օդին մէջ ցնդեցաւ: Աւելի՛ն Եւրոպական Միութիւնն ու Ուաշինկթընը, ձեռք ձեռքի տուած` տնտեսական աննախընթաց պատժամիջոցներ պարտադրեցին Ռուսիոյ վրայ ու տակաւին պատժամիջոցներու վեցերորդ ալիքն ալ դառնօրէն պիտի խոցէ Ռուսիոյ տնտեսութիւնը: Յառաջիկայ մէկ կամ երկու տարուան ընթացքին Ռուսիոյ տնտեսական մեծագոյն զէնքը պիտի կորսնցէ իր այժմէականութիւնը երբ Եւրոպան (ի բացառեալ Հունգարիայէն են Սերպիայէն) խզէ իր ուժանիւթի, քարիւղ եւ բնական կազ, ներածումը Ռուսիայէն երբ այս` օրական մէկ միլիառ տոլարը կ'՛ապահովէր Ռուսիոյ գանձարկղին:

Միայն քանի մը օրեր առաջ, նախագահ Պայտըն աւելի քան 40 միլիառ տոլարի նոր յատկացում մը յայտարարեց Ուքրանիոյ եւ յաջորդ օրն իսկ ամերիկեան քոնկրէսը վաւերացուց: Ցարդ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները Ուքրանիոյ պատերազմի սկիզբէն ի վեր շուրջ 54 միլիառ տոլար տրամադրած է Ուքրանիոյ: Յիշեցնենք, թէ ռուսական դաշնակցութեան զինուորական պիւտճէն բովանդակ 2021 թուականին շուրջ 55 միլիառ էր: Առաւել, ըլլալով, G7 խմբաւորումը աւելի քան 10 միլիառ պիտի առաքէ դէպի Քիեւ երկրին տնտեսական կառոյցը ամրապնդելու համար: Երբ անցողակի կը խօսակցէի ափրիկեցի հանգստեան կոչուած դիւանագէտի մը հետ, ի տես այս շռայլ եւ աննախընթաց նիւթական նպաստին շուրջ ականջիս փսփսալով ըսաւ ՙԱրդեօ՞ք կարելի չէ մտածել թէ ափրիկեան տնտեսապէս ընկճուած երկիր մը քաջալերէ ռուսական նախայարձակում մը ...:

 

ԻՍՐԱՅԷԼ ՍԱՆՁԱՐՁԱԿ ԿԸ ԳՈՐԾԷ

Ալ Ճազիրայի յայտնի լրագրողուհի Շիրին Ապու Ագլէ Մայիս 12-ին, իսրայէլեան զինւորներու կողմէ սպաննուեցաւ, երբ խաղաղ պայմաններու տակ կը զրուցէր պաղեստինցի գաղթականներու հետ: 50-ամեայ Ապու Ագլէն ամերիկեան հպատակութիւն կը կրէ եւ հակառակ այս իրողութեան Իսրայէլ կը շարունակէ քօղարկել այս ոճիրը: Լրագրողի մը հարցումին պատասխանելով, նախագահ Պայտըն ընդգծեց շուտափոյթ եւ թափանցիկ հարցաքննութեան մը անհրաժեշտութիւնը, մինչ պետական պաշտօնատունը ՙմեղմօրէն՚ կը քաջալերէ Իսրայէլը ոճիրին հեղինակները երեւան հանելու: Անցեալ տարի ԱՄՆ-ը 3.8 միլիառի տնտեսական օժանդակութիւն ընծայած է Իսրայէլի, առաւել ըլլալով մէկ միլիառ տոլարի յատկացում մը երկիրը պաշտպանելու համար պաղեստինցիներու կողմէ արձակուած հրթիռներէ: Լրագրողուհի Շիրին Ապու Ագլէ կու գայ քրիստոնեայ յայտնի ընտանիքէ` պաղեստինցի ծագումով, որուն ելոյթները ՙԱլ Ճազիրա՚-ի հաղորդումներուն ընթացքին մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէին պաղեստինցի հասարակութեան կողմէ: Արդեօք կանխամտածուած սպանութիւն մը չէ՞ր այս մէկը, միանգամընդմիշտ խեղդելու համար պաղեստինեան իրաւունքներուն ախոյեան այս արի լրագրողուհիին ձայնը:

 

Ներսէս Պապայեան 

«Պայքար»

Նիւ Եորք