Լիբանանի մէջ առկայ աղբի եւ աղբահանութեան տագնապը սկսած է իր հետեւանքները տարածել նաեւ երկրի քաղաքացիական օդանաւային ընդհանուր շարժումին վրայ: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ «Ալ-Ժատիտ» կայանը, նշելով, որ յատկապէս վերջին օրերուն տարբեր աղբիւրներ յայտնած են, որ Լիբանան եկող կամ Լիբանանէն թռչող քաղաքացիները, օդանաւին մէջ եղած պահուն նոյնիսկ , զգացած են այն գարշելի հոտը, որ կը տարածուի ամբողջ այդ շրջանին մէջ:
Նշենք, որ աւելի վաղ օդակայանի աշխատանքին մասնակից դարձող տարբեր ընկերութիւններ նոյն բողոքը արտայայտած էին, նշելով, որ աղբի գարշահոտը դարձած է անտանելի:
Յիշեցնենք, որ երկու տարի առաջ այս օրերուն Լիբանանի մէջ կը պայթէր մեծ տագնապ մը, որուն հիմնական պատճառը երկրի աղբահանութեան ոլորտի անորոշութիւնն ու անկազմակերպուածութիւնն էր:
Հազարաւոր լիբանանցի քաղաքացիներ փողոց կ'իջնէին, պահանջելով այդ խնդրին լուծումը, որ մինչեւ այս օրս կը շարունակէ մնալ տագնապալի: