Լիբանանի Ռմայլ աւանին մէջ տեղի ունեցած է ամենամեայ «Ռմայլիաթ 2018» փառատօնը, որուն ընթացքին պատրաստուած աշխարհի ամէնէն երկար մանայիշը «Կինէս»եան նոր մրցանիշ գրանցած է:
«Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, մանայիշի երկարութիւնը կազմած է 43,92մ, գերազանցելով նախորդ «Կինէսեան» մրցանիշը, որ 32մ էր:
Նշենք, որ ամենամեայ «Ռմայլիաթ» փառատօնը կը կազմապերպուի Ս. Անթոնիոս միութեան կողմէ, հովանաւորութեամբ` Ռմայլի գիւղապետարանին:
Աւելի քան 50 կամաւորներու մասնակցութեամբ պատրաստուած մանայիշի նախապատրաստական աշխատանքները տեւած են 2 շաբաթ, օգտագործուած է 150քկ խմոր, ձիթապտուղի ձէթի մէջ խառնուած 12քկ ծոթրին եւ մօտ 100քկ ածուխ: