image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանանեան Լիրայի գահավիժումը. Պատճառներ եւ հետեւանքներ

Լիբանանեան Լիրայի գահավիժումը. Պատճառներ եւ հետեւանքներ

Որեւէ երկրի թղթադրամը կ'արտացոլէ այդ երկրի տնտեսական վիճակը:  Զանազան գործօններ կը նպաստեն արժոյթի ուժեղութեան եւ թուլութեան, այդ արժոյթի արժէքը կը բարձրանայ, երբ անոր պահանջարկը կաճի  եւ հակառակը։ Լուծումները չեն օգներ երբ տնտեսութիւնը արդէն անկման եզրին է: 

Զանազան երկիրներու մէջ սկսեալ Թուրքիայէն մինչեւ Եգիպտոս, Սուրիա ու Սուտան, Վենեզուելլա ու Լիբանան, միլիոնաւոր մարդիկ իրենք  զիրենք սնանկացած գտան հակառակ, որ  մեծ  քանակութեամբ թղթադրամներու տէր են: Թղթադրամը ինքնին «արժէք» չի ներկայացներ, այլ  կ'արտայայտէ տնտեսութեան իսկական արժէքը: 

 Այն ինչ արժէք կու տայ թղթադրամին շահաւէտ առեւտրական կշիռն է, որ առաջին հերթին հիմնուած է բարձր քանակի արտածումներուն վրայ, իսկ արժոյթը կը տկարանայ երբ երկիրը հիմնուած է ներմուծման վրայ: 

Վենզուելլայի մէջ օրինակ,   դրամին՝ պոլիվարին յաճախակի   թողարկումը տեղի տուած է, որ այն արժեզրկուի եւ կորսնցնէ իր արժէքին 95,7 տոկոսը: Հացին հատը 7 միլիոն պոլիվար է, հաւը՝ 15 միլիոն, գնաճը 950 առ հարիւր բարձրացում արձանագրած է: Ամսավճարները բաւարար չեն նոյնիսկ մէկ քիլօ միս գնելու: Թերեւս այս իրավիճակին մէջ դեր ունի նաեւ նաւթի գիներու միջազգային անկումը եւ ամերիկեան պատժամիջոցները:  

Իր հերթին Լիբանանի մէջ, երբ տարիներ շարունակ լիբանանեան թղթոսկիին արժոյթը կայուն մնացած էր  տոլարին դիմաց, սակայն 2019-էն սկսեալ  այն սկսաւ արժեզրկուիլ քաղաքական յաջորդական տագնապներու ֆոնին, առաւել նաեւ  մեծ քանակութեամբ թղթադրամ տպագրելու,  կառավարութեան կուտակուած պարտքերու եւ այլ գործօններու պատճառաւ։

Երկու տարուան ընթացքին   լիբանանեան  Լիրան  կորսնցուց իր արժէքին մօտաւոր 95 առ հարիւրը: Դրամատուները արգելափակեցին յաճախորդներուն դրամական հաշիւ-աւանդները։ 

Կեդրոնական դրամատունը միջամտեց մեղմացնելու տագնապը: Սակայն տնտեսութեան անկումի հիմնական պատճառներէն մէկը այն է, որ  երկրին  մէջ կը բացակայէր տնտեսական ծրագրուած նախագիծ  մը երկիրը փրկելու, ինչ որ վիճակը անկայուն կը պահէ:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, թէ Լիբանանի մէջ ամսականներու գնողական իսկական արժէքը 500 տոլարէն նուազած է 30 տոլարի: Այսինքն գնաճը 860 առ հարիւր բարձրացած է 2019-էն սկսեալ երբ 23 առ հարիւրի սահմաններն էր:     

Կ'ըսուի թէ դրամական լուծումները այնքան ալ օգուտ չեն տար երբ փլուզումի պատճառը տնտեսական իրավիճակն է: Օրինակ Թուրքիոյ մէջ 3 տարուայ ընթացքին թրքական լիրան բաւական նահանջեց, սակայն կեդրոնական դրամատան քաղաքականութիւնը կրցաւ վերահսկել ու կայունացնել զայն: Մինչդեռ նոյն քաղաքականութիւնը արդիւնաւէտ չէ Լիբանանի եւ Սուրիոյ պէս երկիրներու մէջ, որոնք կ'ապրին յետպատերազմեան վիճակ, ուր անհրաժեշտ է տնտեսութեան աշխոյժ վերականգնում, արտածումը վերադարձնել նախապատերազմեան օրերուն, ներմուծումը կրճատել մանաւանդ վառելանիւթի եւ գիւղատնտեսութեան ոլորտներու մէջ:

Ի դէպ Լիբանան տակաւին նոյն տնտեսութիւնը կը վարէ 1992-էն ի վեր, արտաքսել արդիւնաբերութիւնն ու գիւղատնտեսութիւնը եւ վստահիլ զբօսաշրջիկութեան ոլորտին կամ գաղթականներու դրամային փոխանցումներուն, կամ բարձր տոկոսներով վարկերու ու պարտքերուն: Լիբանանեան թղթոսկիի անկումը պայմանաւորուած է տնտեսութեան կառուցուածքային բնոյթով, որ հաստատուած էր պատերազմէն ետք, ինչ որ կը թելադրէ, թէ լուծումը պէտք է ըլլայ նմանապէս կառուցուածքային: 

 

Նիւթը՝ «Ալ Մայատին»էն