Լիբանանի մէջ տիրող տնտեսական ճգնաժամը իր ազդեցութիւնները կը շարունակէ տարածել առողջապահական ոլորտին վրայ։
Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ Lebanon Files կայքէն, որ մանրամասն տեղեկատւութիւն մը ներկայացուցած է քաղաքացիները յուզող դեղորայքի խնդիրներուն մասին։
Ըստ աղբիւրին այսօր Լիբանանցիք եւ մասնաւորապէս անոնք, որոնք կը տառապին կամ ունին ծանր հիւանդութիւններ դիմագրաւող հարազատներ ստիպուած կ՚ըլլան իրենց համար առաջնային համարուող դեղերը ապահովել՝ Ֆրանսայէն։
Ինչ կը վերաբերի ոչ ծանր եւ սակայն երկար բուժման կարիք ունեցող պարագաներուն, ապա անոնք շաքարախտի, արեան ճնշումի եւ նմանատիպ հիւանդութեանց համար դեղեր կը ստանան Սուրիայէն։
Կայ նաեւ տոկոս մը, որ դեղերու համար կը դիմէ թրքական «շուկայ»ին, սակայն այդ քաղաքացիներուն թիւը համեմատաբար սակաւ է։
Կը նշուի նաեւ, որ Սուրիայէն դէպի Լիբանան հասնող դեղերը երկիր կը մտնեն Պեքաայի շրջանէն ուր կան մեծ թիւով ադ ոլորտին մէջ ծառայութիւններ մատուցող անհատներ։
Ճգնաժամի իր ամէնէն բարդ ատենները ապրող Լիբանանը այսօրուայ դրութեամբ դարձած է վերահսկողութիւնէ դուրս ապրող եւ առողջապահական բարդ վիճակներու մէջ «գալարող» երկիր, որուն քաղաքացիներուն առողջութիւնը մեծ հաշուով հետաքրքրական օրակարգ մը չէ երկրի քաղաքական վերնախաւին համար։