Բնաւ պատահական չէ, որ անցնող օրերոն Լիբանանի մէջ սուրիական նոր դերի մը վերադարձի մասին սկսուած է խօսուիլ։
Բնաւ պատահական չէ, որ անցնող օրերոն Լիբանանի մէջ սուրիական դերի մը վերադարձի մասին սկսուած է խօսուիլ։
Խնդիրն այն է, որ սուրիական ուժերու հեռացումէն ետք շրջանային ազդեցութեան տակ Լիբանան մտաւ փորձարկումներու ժամանակ մը, որ բոլոր առումներով ալ ինքզինք սպառեց։
Լիբանանի քաղաքական շրջանակներ, ղեկավարներ ու կուսակցութիւններ անկարող եղան երկիրը կայուն հունի մը մէջ պահել, աւելի մեծ յանցանք մըն ալ ընելով հրաժարեցան Լիբանանի կառավարութեան վրայ եղած արտաքին պարտքի տոկոսները վճարելու յանձնարութիւնէն։
Այս բոլորին զուգահեռ յստակ դարձաւ նաեւ, որ ԱՄՆ-Իրան պարանաձգութիւնը մէկ կողմէ, միւս կողմէ ալ սուրիական տագնապին բարձրակէտի մը հասնիլ ժխտական կերպով ազդեցին, որ Լիբանանի համար առկայ բոլոր մակարդակի յանձնառութիւնները սպառին եւ հասնին զէրօ մակարդակի։
Այս բոլորին պատճառով էր նաեւ, որ Լիբանան մտաւ «իրական» խաչելութեան եւ մեծ տագնապներու փուլը, որ ցայսօր ալ կը շարունակուի։
Այս զարգացումներու լոյսին տակ սկսաւ նաեւ համոզման կարեւոր յենարան դառնալ այն միտքը, որ միջազգային ընտանիքը Լիբանանի համար հաշուի առած է մի քանի «կարմիր գիծեր» որոնց ամէնէն հիմնականն անշուշտ երկիրը համընդհանուր պատերազմէ մը ամէն գնով հեռու պահելու որոշումն է։
Մարդկային, ընկերային եւ տնտեսական տագնապները կրնան յառաջիկայ ժամանակներուն ալ շարունակուիլ, սակայն այդ բոլորը նախասկիզբը պիտի կազմեն նոր լուծումներու ենթաշրջանի մը, որն անշուշտ կապուած է շրջանային լուծումներու մեծ փաթեթներուն հետ։
Ու հիմա հարց կը տրուի, որ արդեօք վերջին ամիսներուն Սուրիոյ հետ եղած նախնական «հասկացողութիւններ»ը, կամ Գահիրէ, Դամասկոս եւ Ամման շփումներն ու վառելանիւթի հարցով ստեղծուած «քոնսեսուս»ները այդ սպասուած համայձայնութիւններու առաջին պատուհանը չե՞ն։
Ու պատասխանը բնականաբար, որ են, որովհետեւ այն ինչ որ կը կատարուի Իրան-Ամն կտրուածքով կամ նոյնիսկ Սուրիա- Արաբական աշխարհ նոր վիճակներուն հետ կապուած մեծ հաշուով, իրենց դրական «հովանի»ն պիտի տան Լիբանանին։
Ու անկէ անդին ալ յստակ պիտի դառնայ, որ Լիբանանի ներքին հաւասարակշռութիւներու, փոխ հասկացողութիւններու ընդհանուր ոլորտը պիտի ունենայ նոր գաղտնաբառ մը, որ շատ հաւանաբար ըլլայ Դամասկոսի մեծ վերադարձը դէպի Լիբանանի քաղաքական ափեր։
Դամասկոսը, որպէս սաստող ներկայութիւն, նաեւ արաբական ու նոյնիսկ ֆրանսական նախաձեռնութեան մը շարունակութիւնը, որուն հետեւանքով ալ արաբական աշխարհին համար, որպէս «հրահրիչ» ուժ համարուող շիիթ կողմերը եւ յատկապէս «Հըզպալլա»ն մէկ քայլ ետ ընելով երկրի ներքին լարումները նուազագոյնի հասցընելու դրական դերով հանդէս պիտի գան։
Այս բոլորին կրնայ յաջորդել Սիւննի-Շիիթ ընդհանուր համաձայնութիւններու եզրափուլը, որովհետեւ ոչ ոք կ՚ուզէ պատկերացնել, որ Ամերիկացիներուն համար «հակառակորդ» համարուող Իրանը, յետ համաձայնութեան չդառնայ նաեւ խօսակիցը արաբական աշխարհի հզօրին՝ Սէուտական Արաբիոյ։
Մէկ խօսքով լուծումներու շրջափուլը հեռու չէ, յատկապէս, որ Լիբանանի տագնապը «հասկցող» շրջանային կողմերէն իւրաքանչիւրը դրական միաւորներու կարիք ունի ու այդ գետինը առկայ է Լիբանանի մէջ։
«Ա»