image

ԼՂՀ Պաշտպանութեան Նախարարութիւն. «Դէպքերու Որեւէ Սրացումի Հիմնական Պատասխանատուն Ազրպէյճանն է»

ԼՂՀ   Պաշտպանութեան  Նախարարութիւն. «Դէպքերու Որեւէ Սրացումի  Հիմնական Պատասխանատուն  Ազրպէյճանն է»

ԼՂՀ-  Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութիւնը  վերջին օրերուն  սահմանային  գօտիին վրայ  գրանցուած  լարուածութեան առընթեր յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով  նկատել տուած է, որ        դէպքերու որեւէ սրացում եւ     զինուորական     գործողութեանց   հնարաւոր աճի  ամբողջական պատասխանատու կողմը ՝ Ազրպէյճանն է:   Նախարարութիւնը նաեւ  յայտնած է, թէ   վերջին շրջանին   Ազրպէյճանեան կողմը    որդեգրած է  սահմանին վրայ  լարուածութիւնը  բարձրագոյն կէտի հասցընելու   ռազմավարութիւն մը, որուն     ի պատասխան   կրնան   գրանցուիլ անկանխատեսելի    սրացումներ:  Նախարարութիւնը իր խօսքը  նոյնպէս  ուղղած է ԵԱՀԿ Մինսքեան  խումբին ՝Ղարաբաղեան հիմնախնդրի խաղաղ  կարգաւորման  գործընթացներով     աշխատող մարմնին  մատնացոյց ընելով Ազրպէյճանի    սադրալից մօտեցումները եւ      սահմանին վրայ աննախընթաց լարուածութեան աճը, որուն ամբողջական պատասխանտուութիւնը կը կրէ ազրպէյճանեան կողմը: