Իսթանպուլը կը դառնայ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ բանակցութիւններու հիմնական հարթակը, յայտարարած է Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սերկէյ Շոյկուն։
«Իսթանպուլի հարթակը կը դառնայ գլխաւոր հարթակը՝ բոլոր ոլորտներուն մէջ բանակցութիւններ վարելու համար՝ կապուած Սեւ ծովուն, Սեւծովեան գործարքին, հացահատիկի համաձայնագրին, իսկ այժմ ալ ռուս-ուքրանական բանակցութիւններուն», — ըսած է Շոյկուն, Թուրքիոյ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Օքայ Մեմիշի հետ հանդիպման ընթացքին։
Շոյկուն շնորհակալութիւն յայտնած է Թուրքիոյ ղեկավարութեան՝ ռուս-ուքրանական բանակցութիւններ վարելու համար Իսթանպուլի հարթակը տրամադրելու համար։
«Մենք գիտենք, որ Անգարան զգալի ջանքեր ի գործ դրած է, ներառեալ՝ անվտանգութեան ապահովման առումով, պատուիրակութիւններու աշխատանքի համար առաւելագոյն բարենպաստ պայմաններ ստեղծելու համար», — ըսած է ան։
«Մենք Անգարայի հետ կապուած ենք առեւտուրի, տնտեսութեան եւ ուժանիւթի ոլորտներուն մէջ համատեղ խոշոր ծրագիրներու յաջող իրականացմամբ», — աւելցուցած է Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը։
Շոյկուի համաձայն՝ երկկողմ համագործակցութեան արդիւնաւէտութիւնը «մեծապէս պայմանաւորուած է երկու երկիրներու ղեկավարներուն միջեւ վստահութեան երկխօսութեան աշխուժութեամբ»։ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներ Վլատիմիր Փութին եւ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան կանոնաւոր կերպով կը շփուին հեռաձայնով։