image

ԼԵՎԱՄ.Ճատրակի խաղեր. Այնճարի «Յառաջ» վարժարանի աշակերտուհին՝ առաջին

ԼԵՎԱՄ.Ճատրակի խաղեր. Այնճարի «Յառաջ» վարժարանի աշակերտուհին՝ առաջին

Այնճարի «Գալուստ Կիւլպէնկեան-Յառաջ» վարժարանի աշակերտուհի՝ Լիւսի Հերկելեան օրերս առաջին դիրքը գրաւած է ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ-ի ճատրակի մրցումներուն։

Այս մասին կը կարդանք վարժարանի դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբի կազմակերպած ճատրակի մրցումը տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Պէյրութի ակումբէն ներս, Կիրակի, 5 Մարտ 2023-ին, հովանաւորութեամբ Լիբանանի Ճատրակի Ֆետերասիոնի:

Աւարտին, տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն: Մեր վարժարանէն մասնակցած էին 13 աշակերտներ, որոնցմէ Լիւսի Հերկելեան իր տարիքային բաժանումին մէջ գրաւեց առաջին դիրք, Լիլի Գապաքեան իր տարիքային բաժանումին մէջ գրաւեց երկրորդ դիրքը , իսկ Վիգի Հաւաթեան՝ իր տարիքային բաժանումին մէջ գրաւեց երրորդ դիրքը: 

Անոնց յաղթանակը արդիւնք էր իրենց ժրաջան եւ հետեւողական մարզումներուն: Նորանոր յաջողութիւննե՛ր սիրելի աշակերտներ: