image

Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակումը համարժէք է մարդոց դանդաղ մահուան դատավճիռ կայացնելուն. Հենրիխ Մխիթարեան

Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակումը համարժէք է մարդոց դանդաղ մահուան դատավճիռ կայացնելուն. Հենրիխ Մխիթարեան

Հանրայայտ ֆութպոլիստ Հենրիխ Մխիթարեան թուիթըրեան էջին անդրադարձած է Ատրպէյճանի կողմէ Արցախը Հայաստանին կապող միակ  ճանապարհի՝ Լաչինի միջանցքի արգելափակման, որ կը շարունակուի արդէն չորորդ օրը:

Ան նշած է, որ Արցախի 120 000 բնակիչ, այդ շարքին՝ 30 000 երեխայ կը գտնուի ամբողջական շրջափակման մէջ:

«Աւելին՝ Ատրպէյճանը դադրեցուցած է կազի մատակարարումը, որ աւերիչ հետեւանքներ կրնայ ունենալ: Հաշուի առնելով ձմեռն ու այն, որ գիշերը օդի ջերմաստիճանը կ'իջնէ զէրոյէն ցած, տեղի բնակչութիւնը յայտնուած է ցրտամահ ըլլալու վտանգի առաջ: Եւ սա կը դառնայ իրական մարդասիրական աղէտ: Լեռնային Ղարաբաղի ֆիզիքական շրջափակումը համարժէք է անոր բնակչութիւնը դանդաղ մահուան դատապարտելուն», - գրած է մարզիկը: