Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած անձանց կը տրամադրուի ժամանակաւոր պաշտպանութեան կարգավիճակ։ Համապատասխան որոշումն ընդունուած է կառավարութեան հոկտեմբեր 26-ի նիստին։
Նախագիծով կ՚առաջարկուի ժամանակաւոր պաշտպանութեան տակ վերցնել Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան գրանցամատեանին մէջ հաշուառուած անձանց, ՀՀ-ի մէջ եւ ՀՀ-էն դուրս գտնուող այն անձանց, որոնց վերջին հաշուառման հասցէն եղած է Լեռնային Ղարաբաղը եւ այն անձանց, որոնք չեն ունեցած Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հաշուառում, բայց բնակած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ 2023-ի սեպտեմբեր 19-ին հաշուառուած են ՀՀ գաղթի եւ քաղաքացիութեան ծառայութեան կողմէ։
«Փաստացի, այսօր Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչները հնարաւորութիւն չունեն վերադառնալու իրենց մշտական բնակութեան երկիր»,-ըսած է հարցը զեկուցող արդարադատութեան նախարար Գրիգոր Մինասեանը։
Անոր խօսքով՝ ժամանակաւոր պաշտպանութեան վերցուած անձինք օրէնքի ուժով կը դառնան փախստական ու կ՚օգտուին փախստականի համար օրէնքով եւ միջազգային համաձայնագրերով նախատեսուած իրաւունքներէն։