image

Le Figaro-ի փոխտնօրէն. Ատրպէյճան կը փորձէ Հայաստանի հանդէպ «մեծահոգի» երեւիլ

Le Figaro-ի փոխտնօրէն. Ատրպէյճան կը փորձէ Հայաստանի  հանդէպ «մեծահոգի» երեւիլ

Ատրպէյճան կը փորձէ ստիպել մարդոց, որ հաւատան Հայաստանի հանդէպ իր մեծահոգի ժեստին։ Այս մասին ընկերային հարթակներով գրած է Le Figaro ամսագիրի փոխտնօրէն Ժան-Քրիստոֆ Պիւիսոն։

«Պաքուն յայտարարած է, որ Ատրպէյճան Հայաստանը կը հրաւիրէ COP29-ին (ՄԱԿ-ի կլիմայի հարցերով գագաթնաժողով), մինչդեռ Ատրպէյճան միայն հիւրընկալ կողմ է ՄԱԿ-ի կողմէ կազմակերպուած միջոցառման, որուն հրաւիրուած են կազմակերպութեան բոլոր անդամ երկիրները»,- գրած է ան։