image

Լաւրով պատրաստուելիք փաստաթուղթերու մասին խօսեցաւ

Լաւրով պատրաստուելիք փաստաթուղթերու մասին խօսեցաւ

Կ'ուզենք այսօրուան հանդիպումը օգտագործել մեր տարածաշրջանի կարեւորագոյն խնդիրներէն մէկը լուծելու համար, նկատի ունիմ Հարաւային Կովկասի երկարաժամկէտ կայունացումը։ Ըսած է Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ հանդիպման բացման խօսքին մէջ։

«Համոզուած ենք, որ ատոր հասնելու ամենակարճ ճանապարհը Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու (1, 2, 3, 4) գործող եռակողմ յայտարարութիւններու բոլոր դրոյթներու իրականացումն է։ Շարք մը լրացուցիչ փաստաթուղթեր կը պատրաստուին մեր ղեկավարներու կողմէ քննարկման համար»,- շարունակած է Լաւրով:

Լաւրով նաեւ խօսած է Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի կնքման վերաբերեալ ամենաբարձր մակարդակով պայմանաւորուածութիւններու իրականացման մասին․ «Մենք պատրաստ ենք ամէն կերպ աջակցելու ատոր, այդ շարքին՝ հարթակ տրամադրելով ստորագրման համար»։

«Բայց Լեռնային Ղարաբաղին եւ ատոր հետ կապուած ամէն ինչին առնչուող այլ հարցերն արժանի են կանոնաւոր ուշադրութեան։ Նկատի ունիմ մարդասիրական իրավիճակը, որ այժմ մեծ ուշադրութիւն եւ մեկնաբանութիւններ կը գրաւէ միջազգային հանրութեան շրջանին։ Մենք կը գնահատենք, որ մեր ատրպէյճանցի բարեկամները կը հասկնան Ղարաբաղի հայ բնակչութեան իրաւունքներու եւ անվտանգութեան ապահովման անհրաժեշտութիւնը։ Սա կեդրոնական հարցերէն մէկն է»,- ընդգծած է Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարը։

Լաւրով նաեւ անդրադարձած է երկկողմ յարաբերութիւններուն թէ ինչպէս «կ'իրականացուին նախագահներու միջեւ կանոնաւոր շփումներու ընթացքին ամենաբարձր մակարդակով ընդունուած որոշումները։ Ռուս-ատրպէյճանական յարաբերութիւնները աստիճանաբար կը զարգանան»։