Ռուսիոյ եւ Իսրայէլի քաղաքացի, պլոկըր Ալեքսանդր Լափշին, որ Արցախ այցելելուն համար Ազրպէյճանի մէջ բանտարկուած էր, ազատ արձակուելէն ետք կրկին մտադիր է այցելելու Հայաստան: Ըստ Armenpress.am-ի, այս մասին դիմատետրի իր էջին յայտնած է Լափշինը` տեղեկացնելով, որ Երեւանի մէջ պիտի մասնակցի Ապրիլ 20-22 իրականացուող Tour Expo 2018 միջազգային զբօսաշրջային ցուցահանդէսին:
Ան կատակած է, որ Հայաստանի մէջ պիտի ներկայացնէ Ազրպէյճանի մէջ ունեցած իր «փորձառութիւնը»: «Ես զբօսաշրջային ցուցահանդէսի մասնակցելու նպատակով պիտի մեկնիմ Երեւան: Պիտի ներկայացնեմ իմ հեղինակային ծրագիրը` «Լափշինի հետքերով` Պաքուի մէջ»:
Ծրագիրը կը ներառէ թռիչք Մեհրիպան Ալիեւիայի անձնական օդանաւով, հանգիստ Քիւրտախանի բանտին մէջ` all inclusive, եւ Պաքուի ծանր յանցագործութիւնները քննող դատարան: Պտոյտին արժողութիւնը` պայմանագրային… կատակ է: Իրականութեան մէջ ցուցահանդէսին պիտի պատմեմ ճանապարհորդութիւններու մասին, հետաքրքրական պիտի ըլլայ, այցելեցէք»,- գրած է Լափշին:
Նշենք, որ ան առաջին անգամ Հայաստան եւ Արցախ այցելած էր 2011-ին: