Պելառուսիոյ վարչապետ Ալեքսանտր Թուրչինը պաշտօնական այցով կը գտնուի Ատրպէյճան: Այս մասին յայտնած է «ՊելԹԱ»-ն։ Այցը ներառած է նաեւ հանդիպում Ատրէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ, ինչպէս նաեւ դէմ առ դէմ եւ ընդլայնուած բանակցութիւններ վարչապետ Ալի Ասատովի հետ:
Պելառուսիոյ կառավարութեան ղեկավարը պիտի մասնակցի նաեւ պելառուսաատրպէյճանական գործարար համաժողովին, որմէ ետք նախատեսուած է շարք մը պայմանագրեր ստորագրել։
Ալի Ասատովի հետ նախատեսուած է ստուգել բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան Վարանդա (Ֆիզուլի) քաղաքին մէջ վերականգնուած կառոյցները, ինչպէս նաեւ այցելել Ակնայի (Աղտամ) արդիւնաբերական պարտէզ։ Պելառուսիոյ եւ Ատրպէյճանի կառավարութիւններու ղեկավարները կը նախատեսեն նաեւ ստուգել ապագայ քաղաքի տարածքը Կիւզըլ Քենգերլի գիւղի տարածքին մէջ։