14 Յունուարին Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը հանդիպած է Արցախի նորանշանակ Արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Ղազարեանի հետ:
Նախարար Միրզոյեանը շնորհաւորած է գործընկերը պատասխանատու պաշտօնին նշանակուելու կապակցութեամբ եւ յաջողութիւններ մաղթած իր գործունէութեան մէջ:
Արարատ Միրզոյեանը եւ Սերգէյ Ղազարեանը քննարկած են Լաչինի միջանցքի արգելափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակը: