image

Լաչինի միջանցքի վերաբացման մասին Լիբանանի զօրակցական կեցուածքի վերահաստատման պահանջ. Դեսպան Աթաբէկեան հանդիպած է նախարար Ապու Հապիպին

Լաչինի միջանցքի վերաբացման  մասին  Լիբանանի զօրակցական կեցուածքի վերահաստատման պահանջ. Դեսպան  Աթաբէկեան հանդիպած է նախարար Ապու  Հապիպին

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին դեսպան Աթաբէկեան Պու Հապիպէն պահանջեց վերահաստատել Լիբանանի զօրակցական կեցուածքը` Լաչինի միջանցքը վերաբանալու:

Իր կարգին, Պու Հապիպ լուրջ մտահոգութիւն յայտնեց Արցախի մէջ ստեղծուած մարդկային եւ առողջապահական տագնապին, առեւտուրի արգելակումին, ինչպէս նաեւ ապրուստի ճնշող պայմաններուն արձանագրած վատթարացումին մասին, որ հետեւանք է Լաչինի միջանցքի փակումին:

 

Պու Հապիպ շեշտեց, որ պէտք է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններու յարմար պայմաններ ստեղծել:

 

Ան անհրաժեշտ նկատեց Լաչինի միջանցքին բացումը` նկատի ունենալով Արցախի բնակչութեան համար անոր ներկայացուցած կենսական կարեւորութիւնը:

 

Պու Հապիպ վերահաստատեց Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու նախարարութեան սկզբունքային կեցուածքը` տագնապները երկխօսութեան ընդմէջէն լուծելու, հեռու մնալով քաղաքական նպատակներ իրագործելու համար քաղաքայիններն ու անոնց մարդկային իրաւունքները ճնշելու միջոցներէն: