ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան թուիթըրեան էջին գրած է, որ Արեւելեան Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ կապը ապահովելու նպատակով հայ-ատրպէյճանական սահմանին 3 անցակէտերու բացման վերաբերեալ ՀՀ կառավարութեան որոշման նախագիծը մի քանի ամիս է պաշտօնապէս շրջանառութեան մէջ է։
«Հայաստանի կառավարութիւնը սպասում է Ատրպէյճանի դրական արձագանգին»,-գրած է Փաշինեան:
Օգոստոս 18-ին իրաւական ակտերու նախագիծերու միասնական կայքի՝ e-draft.am-ի մէջ, քննարկման դրուած է հայ-ատրպէյճանական երեք ինքնաշարժ մեքենաներու համար անցակէտեր ստեղծելու նախագիծը։
Եթէ կառավարութիւնը հաւանութիւն տայ, անցակէտերը պիտի տեղադրուին Գեղարքունիքի մարզի Սոթք համայնքէն դէպի պետական սահմանի M11 մայրուղի, ինչպէս նախագիծին մէջ նշուած է՝ «ատրպէյճանական կողմից դէպի Քելբաջար (Քարվաճառ), Արարատի մարզի Երասխ համայնքում՝ դէպի Սադարակ, Սիւնիքի Քարահունջ համայնքից մօտ 7,5 քմ հարաւ՝ M2 մայրուղու վրայ, դէպի Ղուբաթլու»: