image

Կռիւը դեռ չէ սկսած. ՀԱՄԱՍ-ի ղեկավարի տեղակալ

Կռիւը դեռ չէ սկսած. ՀԱՄԱՍ-ի ղեկավարի տեղակալ

Պաղեստինեան ՀԱՄԱՍ շարժման քաղաքական բիւրոյի ղեկավարի տեղակալ Սալեհ ալ Արուրին յայտարարած է, որ «կռիւը դեռ չէ սկսած»։

Լիբանանեան «Հըզպալլա» շարժման «Ալ-Մանար» հեռուստաալիքին հետ հեռախօսազրոյցին ալ Արուրին նշած է, որ ՀԱՄԱՍ-ի առաջնորդները մշտական կապի մէջ են «Հըզպալլա»-ի հետ եւ բացայայտած է, որ ինքը հանդիպած է «Հըզպալլա»-ի առաջնորդ Հասան Նասրալլայի հետ հոկտեմբեր 7-ին՝ ՀԱՄԱՍ-ի յարձակման օրը: 

«Մեր ճակատամարտը նաեւ «Հըզպալլա»-ի ճակատամարտն է», -աւելցուցած է ան:

«Եթէ թշնամին մտնէ ցամաքով, այդ աննախադէպ պարտութիւն կ՚ըլլայ Իսրայէլի համար», - շարունակած է ան՝ նկատի ունենալով Իսրայէլի սպասուող ցամաքային ներխուժումը Կազա եւ պնդելով, որ ՀԱՄԱՍ-ի զինեալները լաւ վիճակի մէջ են՝ հակառակ իսրայէլեան հարուածներուն Կազայի հատուածին։