Լոռիի մարզին մէջ, Յունիս 7-ին, արտակարգ դէպք տեղի ունեցած է. ժամը 00:10-ի սահմաններուն «Տաշիր» բժշկական կեդրոնվն ոստիկանութեան Տաշիրի բաժին ահազանգ ստացուած է, որ «հրազէնային վիրաւորում, հիփովոլեմիք ցնցում, հեմոռակիք ցնցում» ախտորոշմամբ իրենց մօտ տեղափոխուած է քաղաքացի մը:
Ոստիկանները պարզած են, որ վիրաւորը Լոռիի մարզի բնակիչ` 28-ամեայ Սմբատ Տաւոյեանն է: Ոստիկանները պարզած են նաեւ, որ նոյն բժշկական կեդրոն «կտրած-ծակած վէրք» ախտորոշմամբ դիմած է Լոռիի մարզի բնակիչ` 25-ամեայ Պորիս Վանեանը:
Լոռու մարզի ոստիկանները պարզած են, որ Յունիս 6-ին, ժամը 23:30-ի սահմաններուն Պ. Վանեանը վիճաբանած է Ս. Տաւոյեանի հետ, որու ժամանակ ատրճանակէն 3 անգամ կրակած է Ս. Տաւոյեանի որովայնին` պատճառելով նշուած վնասուածքները, իսկ վիճաբանութեան ժամանակ Ս. Տաւոյեանը դանակով հարուածած է Պ. Վանեանին:
Լոռիի մարզի ոստիկանները, ձեռնարկելով անհրաժեշտ հետախուզական միջոցառումներ, տեղեկութիւններ ստացած են, որ քաղաքացի մը դէպքին վերաբերեալ տեղեկութիւններ ունի եւ զայն յայտնաբերած ու բերման ենթարկած են ոստիկանութեան Տաշիրի բաժին, ուր վերջինս յայտնած է, որ Յունիս 6-ին, ժամը 22:00-ի սահմաններուն իր ընկերոջ հետ տուն վերադառնալու ճանապարհին նկատած են Ս. Տաւոյեանը, փորձած են օգնել անոր եւ տեղափոխել «Տաշիր» բժշկական կեդրոն:
Ճանապարհին վիրաւորը իրենց յայտնած է, որ իր վրայ կրակած է ոմն Պորիսիկը: Նոյն օրը, ժամը 03:50-ի սահմաններուն «Ստեփանաւան» բժշկական կեդրոնէն ահազանգ ստացուած է ոստիկանութեան Ստեփանաւանի բաժին, որ «կրծքավանդակի ձախ կէսի ծակած-կտրած վէրք հարցականով, ձախ ուսայօդի կտրած վէրք, գօտկային շրջանի ծակած-կտրած վէրք» ախտորոշմամբ իրենց մօտ տեղափոխուած է Պ. Վանեանը:
Վերջինս հիւանդանոց մեկնած ոստիկանութեան Ստեփանաւանի բաժնի խմբին յայտնած է, որ չի յիշեր, թէ ինչ հանգամանքներու մէջ եւ ուր նշուած վնասուածքները ստացած է:
Ըստ տեղեկութիւններուն` երէկ առաւօտեան, ժամը 06:00-ին «Տաշիր» բժշկական կեդրոնէն յայտնած են, որ իրենց մօտ տեղափոխուած Ս. Տաւոյեանը, գիտակցութեան չգալով, մահացած է, որմէ յետոյ Լոռիի մարզային քննչական վարչութեան Ստեփանաւանի քննչական բաժնին մէջ յարուցուած է քրէական գործ ՀՀ Քրէական օրէնսգիրքի 104 յօդուածի 1-ին մասի, 112 յօդուածի 1-ին մասի եւ 235 յօդուածի 1-ին մասի յատկանիշներով: