image

Կիրանցէն 2 ոստիկան եւ 3 քաղաքացիական անձ տեղափոխուած է հիւանդանոց, նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ. ՔԿ

Կիրանցէն 2 ոստիկան եւ 3 քաղաքացիական անձ տեղափոխուած է հիւանդանոց, նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ. ՔԿ

ՀՀ քննչական կոմիտէն նախաքննութիւն պիտի իրականացնէ Իջեւան համայնքի Կիրանց բնակավայրի սկզբնամասին մէջ տեղի ունեցած միջադէպի հանգամանքները պարզելու համար։ Քրէական վարոյթ նախաձեռնուած է ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 3 յօդուածով։

Տեղեկութիւնը յայտնած է կոմիտէի մամուլի ծառայութիւնը։

Նշենք, որ ոստիկանները լուսաձայնային նռնակ կիրառած են Կիրանցի մէջ ճանապարհը փակած բնակիչներու հետ բախման ժամանակ, քանի մը մարդ թեթեւ մարմնական վնասուածքներ ստացած են։

ՔԿ–էն նշած են, որ Կիրանց բնակավայրի սկզբնամասին մէջ խումբ մը անձինք, փակելով ճանապարհը, չեն ենթարկուած այն բանալու` ոստիկանութեան ծառայողներու օրինական պահանջին, սկսած է իրարանցում, որու ընթացքին տարածքին մէջ լսուած են պայթումի ձայներ, այրած են անիւներ:

«Դեռեւս չպարզուած անձինք հրմշտել են ոստիկանութեան աշխատակիցներին եւ սեռական բնոյթի հայհոյանքներ հնչեցրել նրանց հասցէին՝ կոպիտ կերպով խախտելով հասարակական կարգը, դրսեւորելով բացայայտ արհամարհական վերաբերմունք հասարակական կարգի, իրաւական ու բարոյական նորմերի նկատմամբ»,– նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

ՔԿ–էն նշած են, որ հաւաքուածները քարեր նետած են ոստիկաններու ուղղութեամբ, որու հետեւանքով ոստիկանութեան երկու ծառայող ստացած են տարբեր աստիճանի մարմնական վնասուածքներ եւ տեղափոխուած «Իջեւան» բժշկական կեդրոն:

Դէպքի առթիւ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 297-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 1-ին կէտի եւ 452-րդ յօդուածի 3-րդ մասի յատկանիշներով նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ։

«Իջեւան» բժշկական կեդրոնէն ալ այսօր հաղորդում ստացուած է, որ Կիրանց բնակավայրի մէջ իրականացուող ցոյցի ժամանակ ՀՀ ՆԳՆ ոստիկանութեան ծառայողներու գործողութիւններու հետեւանքով ստացած վնասուածքներով շտապօգնութեան խումբը բուժօգնութեան տեղափոխած է նաեւ երեք քաղաքացիական անձանց։

Այս փաստով եւս նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 441-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 1-ին կէտի յատկանիշներով։

Նախաձեռնուած վերոնշեալ քրէական վարոյթները միացուած են։