image
Հրատապ լուրեր:

Կիրակնօրեայ ընթերցումներ (8)

Կիրակնօրեայ ընթերցումներ (8)

Յաճախակիօրէն կամ կրկնակի մակբայ

Մեր երէց հայագէտները, աւելի տպաւորիչ դադձնելու համար իրենց խօսքը,− դուք հասկցէք՝ պատգա՛մը,− կը գրեն յաճախակիօրէն հոն, ուր կարելի էր գրել պարզապէս յաճախ:

Այո, պարզապէս յաճախ...

Փորձեցէք ուշադիր, կեդրոնացեալ, ի պահանջել հարկին՝ բազմիցս  կարդալ հետեւեալ երեքը. 

--Ան յաճախ  կ’երեւի այս կոմերը:

--Ան յաճախակի կ’երեւի այս կողմերը:

--Ան յաճախակիօրէն կ’երեւի այս կողմերը:

Տարրական ճաշակն ու տրամաբանութիւնը կը հաստատեն, որ բոորովին աւելորդ են վերջին երկուքը՝ ծանրաբեռնուած  անիմաստ, անտեղի կուտակումներով,  որոնք ոչինչ կ’աւելցնեն խօսքի բովանդակութեան ու վայելչութեան վրայ, ընդհակառակն՝  կ’աղաւաղեն, կ’այլանդակեն զայն միայն:

Յաճախ բառը բնութեամբ արդէն  մակբայ է, իսկ  -ակի եւ -օրէն իրենց կարգին  մակբայակերտ վերջածանցներ են. այլ խօսքով՝  մէկը կրկնակի, իսկ միւսը եռակի մակբայի կը վերածէ  մեր բիւրեղի պէս մաքուր յաճախ սկզբնաձեւը, որ ոչ մէկ շպարի պէտք ունի:

Պատկերացուցէք պահ մը ինքզինք յարգող անձնաւորութիւն մը, որ...երկու, իսկ ուրիշ մըն ալ...երեք փողկապ կապած ըլլայ վիզին:

Յաճախակիօրէն-ին  հետ կը մրցի անպայմանօրէն-ը, որ ոմանք ձիւթ ծամելու պէս  կը կիրարկեն, ըսել կ’ուզեմ՝ կը կրկնեն նոյն յօդուածի սահմաններուն մէջ, ու չեն կշտանար,  ուղղղակի սիրահարուած են  իրենց այս գիւտին:

Պէտք մնա՞ց ըսելու, որ անպայաման բառը իր կարգին մակբայ է, եւ իմաստային ոչ մէկ հարստացում կը կրէ երկրորդ անգամ մակբայանալով: 

Ան պարզապէս կը մատնէ գրողին ճաշակը:

Այսուհանդերձ կայ...աւելին  ալ:

                                                                         *   *   *

Այդ աւելիին ետին կանգնած է արեւելահայը՝ իր պատկառելի կերպարով:

  Քանզի երբ արեւելահայը լեզուական աղաւաղում կը գործէ, ապա պէտք է գործէ առաւելագոյնը, ծայրայեղը, մարդկայնօրէն անընդունելին, իսկ գործողը ըլլայ անպայման  անոր սերուցքը՝ վերնախաւը՝ ինտելիգենցիան, էլիտան:

Այսպէս է, որ հազարհինգհարիւրամեայ   կաղնիի պէս կանգուն մեսրոպեան ուղղագրութեան բունին կացինի մեծագոյն հարուածը տուողը եղաւ իր ժամանակի ( ու թերեւս բոլոր ժամանակներու) մեծագոյն հայագէտը, իմա՝ Մանուկ Աբեղեանը:

Այսպէս է, որ առօրեայ գործածութեան մէջ հայերէնը օտարաբանութեանց աղբով թաթաւողները իրենց սերունդի կարկառուն դէմքերն են, բարձրաստիճան դէմքերը՝ նախագահներ, վարչապետներ, նախարարներ, երեսփոխաններ, ակադեմականներ,  գիտնականներ եւ   այլն: Մեղրիի, Մարմաշէնի կամ Վայոց ձորի գիւղացիներու բերնին մէջ չես գտներ մարկիլացնել, պարալիզացնել, լեգիտիմացնել, տուրբուլենտ ու նման հրէշաբանութիւններ, որոնց  աւելի քան երկհազարեայ  փաթեթը կը գտնէք  Մակար Գաղիացիի գուգուրանքով պահուող ու օրընդմէջ ճոխացուող արխիւներուն մէջ: 

Նոյն հետայն  անոր շարահիւսութիւնը, խօսողական  որակն ու ազնւութիւնը  անընդմէջ խաթարողները՝ իրենց յօդուածներով, յայտարարութիւններով ու մանաւանդ   հրապարակային հարցազրոյցներով,  իրենց կարգին կը պատկանին  արեւելահայ  «վերնախաւ»-ին, որմէ թուենք Արմէն Աշոտեանը, նախկին կրթական նախարար՝ Սերժ Սարգիսեանի օրով.  գարշելի առնէտ մը, որ ոչ մէկ նախադասութիւն կը յաջողի կազմել առանց  հայհոյալից  բառերու ու բառակապակցութիւններու՝ առ այդ  առատօրէն տուրք տալով ռուսերէն ու թրքերէն գռեհկաբանութեանց: Արփի Յովհաննիսեան՝ արդարութեան նախկին նախարարուհի,  նմանապէս Սերժ սարգիսեանի օրով,  Զարուհի Մեջլումեան (նոյն աղբանոցէն),  Թագուհի Թովմասեան՝ իր կարգին երեսփոխան.  ասոնք հայուհիի աւանդական տիպարի ժխտումն են   իրենց  կիրարկած բառամթերքով,  ոճերով ու մանաւանդ այն թունալից մաղձով, որ կրնան թափել իրենց քաղաքական հակաառակորդներուն՝ իմա զոհերուն անձին վրայ՝ առանց խնայելու անոնց կիներուն ու զաւակներուն եւ եօթը պորտին: 

Լրբութեան նոյն պատկերն ու մակարդակը կը պարզեն իրենք՝ այլասերած ու զազրելի խօսնակները, արու թէ էգ,  այն կայաններուն, որոնք իրենց յարկէն ներս կ’ընդունին այս քստմնելի  ճիւաղները եւ հարցազրոյց կ’ունենան հետերնին՝ ցմրուր ըմպելով անոնց թափած ժահրին հեշտանքը:

                                                             *   *   *

Ահա այս աւանդութեանց ու լեզուական միջավայրի մէջ է որ ծնունդ առած է  եւ կը գործէ  լրիւ մակբայի...մէկ կողմէ գոյականացումը, միւս կողմէ վերամակբայացումը հետեւեալ յարացոյցով՝ 

  լրիւ-լրիւութիւն-լրիւութեամբ-լրիւօրէն

որ կը գլէ-կ’անցնի անհեթեթութեան բոլոր սահմանները: 

Կարելի է միայն ապշիլ, թէ այդ ի՛նչ լեզուամտածողութիւն է:

Ծանօթ իրողութիւն է, որ  լնուլ-«լեցնել» բայը  կը հանդիպի երեք տարբեր արմատներով՝ լի, լից, լիր, որոնց երեքն ալ շատ կենսունակ եղած են գրաբարի թէ աշխարհաբարի մէջ հաւասարապէս.

ա) լի   –  լիութիւն, պտղալի, լիագումար, լիակատար, նենգալի, ցաւալի...

բ)  լից −  հացալից, ջրալից, ծախսալից, եռանդալից, թարախալից...

գ)  լիր −  բերանալիր, ծայրալիր, յարգալիր, լրում, լրութիւն (=ամբողջութիւն)...

Այս վերջին արմատը նաեւ կը հոլովուի եւ իբրեւ գործիական ունի լրիւ, որ կը նշանակէ «ամբողջութեամբ». սա   աշխարհաբարի մէջ  քարացած բառաձեւ է եւ ունի քանակական մակբայի արժէք ՝ շատ ըմբռնելի, թելադրական ու կենսունակ կարգով:

Օրինակ՝ 

--Աշխատանքս լրիւ աւարտեցի:

--Ան պարտքերը լրիւ վճարեց:

--Այս քերթուածը լրիւ գոց սորվեցանք:

Բայց ահա արդի  արեւելահայը հանգիստ ձեռքով ու խղճով  հնարած է լրիւանալ (երբ կայ արդէն լրանալ, լրումին հասնիլ ), լրիւացնել (երբ կայ արդէն լրացնել, լրումին հասցնել), լրիւութիւն (երբ ունինք արդէն լրում  կամ ամբողջութիւն), լրիւօրեայ (այսինքն՝ ամբողջօրեայ, շուրջօրեայ)  եւ վերջապէս եւ ի պսակումն այս բոլորին՝  լրիւօրէն...որ, պարզ է, կրկնակի մակբայ մըն է, դուք հասկցէք՝ երկգլխանի հրէշ մը:

Ծանօթ.−Այս բոլորէն միայն լրիւ-ը ունի Մալխասեան: 

Ուստի կարելի է ենթադրել, թէ մնացեալները  յառաջացան անցած դարու երկրորդ կէսին:

 

Արմենակ Եղիայեան

armenag@gmail.com