image

Խոշոր պայթում իրանեան նաւահանգիստին մէջ․ հաղորդուած է 281 վիրաւորի մասին

Խոշոր պայթում իրանեան նաւահանգիստին մէջ․ հաղորդուած է 281 վիրաւորի մասին

Շաբաթ օր Իրանի Պանտար Ապպաս քաղաքի Շահիտ Ռաճայի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած հզօր պայթումի հետեւանքով վիրաւորուած է առնուազն 281 մարդ, յայտնած է Reuters՝ յղում ընելով Իրանի պետական լրատուամիջոցներուն։

Պայթումը տեղի ունեցած է Օմանի մէջ Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ միջուկային բանակցութիւններու երրորդ փուլին ժամանակ։ 

«Այս միջադէպին պատճառը Շահիտ Ռաճայի նաւահանգիստին տարածքին մէջ պահուող քանի մը բեռնարկղներու պայթումն էր։ Մենք ներկայիս կը տարհանենք եւ կը փոխադրենք վիրաւորները բժշկական կեդրոններ»,- Իրանի պետական ​​հեռատեսիլային ալիքին յայտնած է տեղական ճգնաժամային կառավարման պաշտօնեան։

Աշխատանքներ տարուած են խոշոր հրդեհը մարելու համար, նաւահանգիստի մաքսային ծառայութիւնը յայտարարած է, որ բեռնատարները կը տարհանուին տարածքէն, եւ որ բեռնարկղներու բակը, ուր տեղի ունեցած է պայթումը, հաւանաբար կը պարունակէր «վտանգաւոր ապրանքներ եւ քիմիական նիւթեր»։

Պետական ​​​​հեռատեսիլային ալիքը յայտարարած է, որ պայթումը տեղի ունեցած է «դիւրավառ նիւթերու հետ վարուելու անփութութեան» հետեւանքով։