Սիւնիքի մարզի Խնածախ գիւղին մէջ կրկին կրակոցներ լսուած են։ Այս մասին «Sputnik Արմենիա»ին ըսած է Խնածախի վարչական ղեկավար Սէյրան Միրզոյեան։
«Կրակոցներ լսուել են հեռուից, բայց ինտենսիվ (բուռն) չեն եղել, 3-4 անգամ են լսուել»,- նշած է ան։
Միրզոյեան տեղեկացուցած է, որ վերջին քանի մը օրերու ընթացքին կրակոցները դադրած էին։
Յիշեցնենք, որ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը 31 մարտին յայտնեց, որ ատրպէյճանական ստորաբաժանումները կրակած են Խնածախ բնակավայրի ուղղութեամբ, որու հետեւանքով բնակելի տուն վնասուած է։