image

Խմբագրական «Մասիս»ի. Կազայի շարունակուող ողբերգութիւնը

Խմբագրական «Մասիս»ի. Կազայի շարունակուող ողբերգութիւնը

Աւելի քան  երկու ամիսէ ի վեր շարունակուող այս պատերազմի երկու բեւեռներուն կանգնած են ծայրայեղականներ, որոնք կը հետապնդեն իրենց քաղաքական շահերը, ի վնաս անմեղ ժողովուրդի: Մէկ կողմը կեցած է կրօնամոլ, ծայրայեղական Համասը, իսկ միւս կողմը` ծայրայեղական ու դարձեալ կրօնամոլ Հրեայ շարժումները ներկայացնող Իսրայէլի կառավարութիւնը` գլխաւորութեամբ Բենիամին Նեթանյահույի, որ պատերազմի միջոցաւ կ’ուզէ նաեւ լուծել իր անձնական հարցերը, որոնք կառնչուին  փտածութեան հարցերով իր դէմ եղած դատական մեղադրանքներուն:

 

Հոկտեմբեր 7-ին, պաղեստինեան Համաս կազմակերպութեան զինեալները Կազայի հատուածէն անակնկալ յարձակում գործելով իսրայէլեան սահմանամերձ շրջաններուն վրայ սպանեցին 1200 հոգիներ ու իրենց հետ տարին մօտ 240 պատանդներ, որոնց մեծ մասը տակաւին կը մնան իրենց մօտ:

Համասի այս խիզախ գործողութիւնը շշմեցուց իսրայէլացի ժողովուրդին ու բացայայտեց իրենց բանակի ու հետախուզական կառոյցներու խոցելիութիւնը: Տեղի ունեցած սպանդը զօրակցութեան ալիք յառաջացուց` Իսրայէլի նկատմամբ, մանաւանդ որ, Համաս պատանդ վերցուցած էր երեխաներ, տարեցներ ու  կանայք: Հետագային, աշխարհի վերաբերմունքը սկսաւ կամաց-կամաց փոխուիլ` ի տես Կազայի մէջ տեղի ունեցող անխնայ ռմբակոծութեան, որոնք  չեն խնայեր բնակելի շէնքեր,  հիւանդանոցներ ու կենսական ենթակառոյցները` խլելով անմեղ պաղեստինցիներու կեանքը, որոնց մէջ հազարաւոր երեխաներ:

Աւելի քան  երկու ամիսէ ի վեր շարունակուող այս պատերազմի երկու բեւեռներուն կանգնած են ծայրայեղականներ, որոնք կը հետապնդեն իրենց քաղաքական շահերը, ի վնաս անմեղ ժողովուրդի: Մէկ կողմը կեցած է կրօնամոլ, ծայրայեղական Համասը, իսկ միւս կողմը` ծայրայեղական ու դարձեալ կրօնամոլ Հրեայ շարժումները ներկայացնող Իսրայէլի կառավարութիւնը` գլխաւորութեամբ Բենիամին Նեթանյահույի, որ պատերազմի միջոցաւ կ’ուզէ նաեւ լուծել իր անձնական հարցերը, որոնք կառնչուին  փտածութեան հարցերով իր դէմ եղած դատական մեղադրանքներուն:

Իսրայէլեան կողմը վճռած է համասականները արմատախիլ ընել Կազայէն եւ վերջնականապէս ձերբազատուիլ անոնց մնայուն սպառնալիքներէն: Կազան «մաքրելէ» ետք ինչ պիտի ըլլայ յաջորդ քայլը, Իսրայէլի համար նոյնիսկ յստակ չէ:  Մինչեւ 2005 թուականը Կազան կը գտնուէր Իսրայէլեան բանակի գրաւման տակ: Այդ զօրքերը կ՚ենթարկուէին յաճախակի յարձակումներու` պաղեստինեան դիմադրութեան կողմէ: Կազայէն քաշուելով Իսրայէլ կը խորհէր որ, պիտի կարողանայ աւելի լաւ պաշտպանուիլ, սակայն հետագայ զարգացումները եկան փաստելու որ, այդ եւս պատրանք էր:

Կազայի պատերազմը երկու մասի բաժնած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու հանրային կարծիքը: Երիտասարդ սերունդը սկսած է թեքուիլ դէպի պաղեստինցի ժողովուրդի իրաւունքերը: Այս երեւոյթը կրնայ ապագային ազդել Իսրայէլի նկատմամբ Ամերիկայի վարած քաղաքականութեան վրայ: Առանց Միացեալ Նահանգներու նիւթական եւ ռազմական օժանդակութեան վտանգի տակ կը յայտնուի Իսրայէլի գոյութիւնը:

Սկզբնական շրջանին Պայտընի վարչակարգը  անվերապահ զօրակցութիւն յայտնեց Իսրայէլին եւ սկսաւ ռազմական աջակցութիւն փութացնել Թել Ավիւին:  Ժողովուրդի տրամադրութեան փոփոխութիւնը եւ զինադադարի պահանջով տեղի ունեցող բազմամարդ բողոքի ցոյցերը զգալիօրէն ազդած են Սպիտակ Տան վարած քաղաքականութեան վրայ: Նախագահ Պայտըն կը զգուշացնէ Իսրայէլին, որ ան սկսած է կորսնցնել աշխարհի համակրանքը: Ուաշինկթըն կը փորձէ վերակենդանացնել երկու պետութեան` Իսրայէլի եւ Պաղեստինի, իր քաղաքականութիւնը: Սակայն այս պայմաններուն տակ այդ ծրագրի իրականացումը կը բախի դժուարութիւններու, նոյն այդ երկու ծայրայեղական մօտեցումներուն պատճառաւ: Նեթանյահուն կտրականօրէն դէմ կ’արտայայտուի երկու պետութեան գաղափարին, իսկ Համասի համար եւս այդ տեսակէտը ընդունելի չէ, քանի որ ան կը հետապնդէ Իսրայէլ պետութեան վերացումը քարտէզէն:

Այսպիսով, Միջին Արեւելքը կը շարունակէ  ամբողջ աշխարհին համար մնալ ապակայունացնող տարածաշրջան մը, իսկ պաղեստինցի ժողովուրդը` Կազայի մէջ ու այլուր կը շարունակէ տառապիլ` առանց անկախութեան, խաղաղութեան ու բարեկեցիկ կեանքի մը հեռանկարին:

 

Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ

«ՄԱՍԻՍ»