image

Խմբագրական «Ազդակ»ի. Շարունակելու Համար Պատմական Երթը (ՀՅԴ 131-Ամեակին Առիթով)

Խմբագրական  «Ազդակ»ի. Շարունակելու Համար Պատմական Երթը (ՀՅԴ 131-Ամեակին Առիթով)

Ծանր պայմաններու մէջ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը կը նշէ իր հիմնադրութեան 131-ամեակը: Ծանր են հայրենիքի պայմանները: Եւ բնականաբար հայրենիք հասկացողութեան մէջ կը ներառուին թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Արցախի հանրապետութիւնները:

Դաշնակցութիւնը առանձին օրակարգեր չունի. անոնք բոլորը ըստ էութեան հայրենիքի եւ հայութեան առջեւ դրուած խնդիրներն են: Ռազմագերիներու վերադարձի հրամայականէն մինչեւ նահատակուածներու ընտանիքներու հոգատարութիւն, աճիւններու հայրենադարձման անյետաձգելիութենէն մինչեւ բռնագրաւուած տարածքներու վերաազատագրում` Դաշնակցութեան մեծ օրակարգերն են:

Տակաւի՛ն. բանակի վերականգնումը, դիւանագիտութեան աշխուժացումը, բանակցային նոր ռազմավարութեան մշակումը, տեղեկատուական պատերազմին մէջ նոր դիրքեր գրաւելը, սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացներուն պատրաստուիլը եւ ապաշրջափակման պայմանաւորուածութիւններուն ընդառաջ  նոր օրէնսդրութեան մշակումը Դաշնակցութենէն ակնկալուած աշխատանքներ են:

Դաշնակցութենէն կ՛ակնկալուի տակաւին ներհասարակական մթնոլորտի առողջացում, բաժանարար գիծերու ջնջում, խոցուած արժէքներու վերականգնում` ազգային, հոգեւոր, քաղաքացիական: Ասոնք միայն գերակայ ուղղութիւններ են յետպատերազմեան հայրենիքի մէջ ինքզինք գտնելու եւ նոր էջ բանալու:

Հարուածները շատ ուժեղ էին թէ՛ արտաքին եւ թէ՛ ներքին առումներով: Եւ մենք ունեցանք սահմաններու խախտելիութիւն, թշնամիի թափանցում, դիրքերու զիջում:

Այս բոլորի յաղթահարման միջոց է իշխանափոխութիւնը, զոր իբրեւ առաջադրանք յայտարարած է Դաշնակցութիւնը: Իրաւական պետութիւնը, ժողովրդավարական կարգերու լիարժէք կիրարկումը, անկախ արդարադատութեան կայացումը եւ քաղաքացիական առողջ հասարակարգի ստեղծումը` ընկերային արդարութեամբ պայմանաւորուած, կը շարունակեն մնալ Դաշնակցութեան հայաստանեան գործունէութեան փլաթֆորմի հիմնադրոյթները:

Այս բոլորի իրականացման համար աւելի քան անհրաժեշտ է իշխանափոխութիւնը: Երկրի ազգային պետականութեան վերադարձը:

Սփիւռքի մէջ եւս հրամայական դարձած է վերականգնումն ու համախմբումը: Մեր ցանցային դրուածքի բերելիք անգնահատելի առաւելները տեսանելի չեն, այնքան ատեն որ չ՛աշխատիր համազգային ցանցային կառոյցը: Համահայկական օրակարգի մշակման գործընթացի բացակայութիւնը, դասական կառոյցներու ներկայացուցիչներու ոչ արդիւնաւէտ, պարագայական համախմբուածութիւնը չեն օգներ ցանցային աշխատելաձեւի կայացման գործին:

Բաժանարարութիւնը պէտք է ի սպառ վանել ո՛չ միայն հայրենիքի, այլ նաեւ սփիւռքի երկնակամարէն. համախմբուիլը կարեւորագոյն եւ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող օրակարգերու շուրջ աւելի քան կենսական է: Այս եւս կ՛ակնկալուի Դաշնակցութենէն: Մանաւանդ որ կը գտնուինք անկիւնադարձային նոր աշխարհաքաղաքական էութիւն ունեցող օրակարգերու եւ գուցէ նաեւ պարտադրուող համաձայնագիրներու սեմին: Հայութեան տեսակէտն ու դիրքորոշումը անհրաժեշտ են: Այդ դիրքորոշումները չեն կրնար հատուածային ըլլալ. անոնց համազգայնացումը Դաշնակցութեան պարտականութիւնն է ամէնէն առաջ:

Սփիւռքի մէջ նման օրակարգերու մտածողութիւնը, նախաձեռնութիւնն ու գործնական առաջին քայլերուն նկատելի մասը ռահվիրայի կարգավիճակով լիբանանահայութեան կը վերաբերէր: Փոխուած են նաեւ Լիբանանի եւ հետեւաբար լիբանանահայութեան պայմանները:

Ապահովականէն քաղաքական, ընկերայինէն տնտեսական եւ ֆինանսական աննախադէպօրէն ճգնաժամային է կացութիւնը այստեղ: Եւ որմէ՞ պիտի ակնկալուի ժողովրդային կարիքներուն փութալը, կառոյցներու անսասանութիւնը ապահովելը, եկեղեցի, դպրոց կառոյց եւ միութիւններ պահելը, եթէ ոչ Դաշնակցութենէն:

Ճգնաժամային նման պայմաններու մէջ Դաշնակցութիւնը կը ներկայանայ հանրութեան եւ խնդիրները մատնանշելէ ետք ցոյց կու տայ ուղիները: Այն ուղիները, որոնցմէ պիտի անցնի ժողովուրդը Դաշնակցութեան առաջնորդութեամբ: Այդպէս եղած է պատմական երթը:

Եւ ժողովուրդը գիտակից է, շա՛տ լաւ  գիտէ, որ Դաշնակցութեան հետեւելով է, որ յաջողած է անցնիլ ամէնէն վտանգաւոր, ամէնէն վհատեցուցիչ եւ ամէնէն դժուար ճամբաներէն շարունակելու համար իր պատմական երթը: