Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առիթով, Հալէպի Ս. Աստուածածին եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիներուն մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ, որմէ ետք կատարուեցաւ խաղողօրհնէքի արարողութիւն: Ներկաները, սովորութեան համաձայն, հաղորդութիւն ստացան եւ օրհնուած խաղողը տարին իրենց բնակարանները:
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ խաղողօրհնէքի արարողութեան մասնակցեցան ՀՄԸՄի Հալէպի մասնաճիւղի երէց-պարման միաւորն ու խումբ մը սկաուտներ։