image

Կէսգիշերին Ատրպէյճան կրակ բացած է հայկական դիրքերու ուղղութեամբ. ՊՆ

Կէսգիշերին Ատրպէյճան կրակ բացած է հայկական դիրքերու ուղղութեամբ. ՊՆ

Հոկտեմբեր 19-ի լոյս 20-ի գիշերը՝ ժամը 00:05-ի սահմաններուն, Ատրպէյճանի Զինուած Ուժերու ստորաբաժանումները տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, ինչպէս նաեւ ականանետերէ, կրակ բացած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ:

Ինչպէս յայտնած են Պաշտպանութեան նախարարութենէն, ՀՀ Զինուած Ուժերը ստորաբաժանումները լռեցուցած են հակառակորդի կրակը:

Հայկական կողմը կորուստներ չունի: Այս պահու դրութեամբ իրավիճակը յարաբերականօրէն կայուն է: