Իսրայէլ թոյլ չի տար, որ Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապաս այցելէ Կազայի հատուած։
Այս մասին յայտարարած է Պաղեստինի նախագահի միջազգային յարաբերութիւններու հարցերով խորհրդական Ռիյատ ալ Մալիքի:
«Մենք թոյլտուութիւն չենք խնդրած։ Մենք յայտարարած ենք, որ նախագահը պիտի մեկնի Կազա։ Եւ անմիջապէս անոր յաջորդեց իսրայէլեան պատասխանը, ուր կ'ըսուէր, որ անոնք թոյլ չեն տար, որ Ապաս մտնէ Կազա:
Այդ կը նշանակէ միայն, որ Կազան կը գտնուի իսրայէլեան ռազմական բռնագրաւումի տակ»,- նշած է խորհրդական Ռիյատ ալ Մալիքի։
Յիշեցնենք, որ, ըստ Walla կայքին, Պաղեստինի վարչակազմը հարցում ուղարկած է Իսրայէլին, որպէսզի Ապաս այցելէ Կազայի հատուած։