image

Կազայի պատանդներու հարցով Իսրայէլ նոր առաջարկ ունի

Կազայի պատանդներու հարցով Իսրայէլ  նոր առաջարկ ունի

Իսրայէլի իշխանութիւնները պատրաստ կ՚ըլլան քննարկելու Կազայի հատուածին մէջ պահուող պատանդներու ազատ արձակման նոր առաջարկները։

Այս մասին յայտարարած է Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթը՝ շեշտելով, որ ատոր համար հարկաւոր է մեծցնել ռազմական ճնշումը պաղեստինեան ՀԱՄԱՍ շարժման վրայ։

«Կը կարծեմ, որ եթէ մենք մեծցնենք ռազմական ճնշումը, ապա կ՚ըլլան պատանդներու վերաբերեալ նոր համաձայնագրերու առաջարկներ, իսկ եթէ ըլլան առաջարկներ, ապա մենք զանոնք կը դիտարկենք»,-ըսած է Կալանթը մամուլի ասուլիսի ժամանակ։