image

Կազայի մէջ. Զոհուած են «Համաս»ի գլխաւոր առաջնորդի 3 որդիները

Կազայի մէջ. Զոհուած են «Համաս»ի գլխաւոր առաջնորդի  3 որդիները

Կազայի հատուածին մէջ իշխող «Համաս» պաղեստինեան շարժման քաղաքական բիւրոյի ղեկավար Իսմայիլ Հանիէի երեք որդիները զոհուած են Կազայի հատուածին մէջ Իսրայէլի հարուածի հետեւանքով։

Այս մասին հաղորդած է Al Jazeera հեռուստաալիքը:

««Համաս»-ի քաղաքական բիւրոյի ղեկավար Իսմայիլ Հանիէի երեք որդիներն ու քանի մը թոռները զոհուած են Կազայի հատուածին մէջ իսրայէլեան գնդակոծութեան ժամանակ»,-ըսուած է հեռուստաալիքի հաղորդագրութեան մէջ: