image

Կազայի մէջ պահուող իսրայէլացի գերիներու հարազատները ներխուժած են երկրի խորհրդարան

Կազայի մէջ պահուող իսրայէլացի գերիներու հարազատները ներխուժած են երկրի խորհրդարան

Կազայի հատուածին մէջ պահուող իսրայէլցի գերիներու հարազատները ներխուժած են երկրի խորհրդարան: Անոնք ընդհատած են Քնեսեթի ելեւմուտի յանձնաժողովի նիստը եւ կոչ ըրած դադրեցնելու պատերազմը։

Իսրայէլի մէջ վերջին շրջանին աշխուժացած են վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի դէմ բողոքի ցոյցերը։ Գերիներու ճակատագիրը կը շարունակէ անորոշ մնալ: Գերիներու հարազատները վարչապետը կը մեղադրեն գերիներու ազատման գործարքը տապալելու համար:

Նշենք, որ Իսրայէլի մէջ քանի օր է կը շարունակուի հակակառավարական բողոքի ցոյցերը. մասնաւորապէս օրերս Երուսաղէմի մէջ քաոսային իրավիճակ ստեղծուած էր այն բանէ ետք, երբ ցուցարարները ցրուած էին  տարբեր ուղղութիւններով, որ հասնին վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի կեցավայր: 

Ցոյցին մասնակցած են ամիսներ շարունակ Կազայի հատուածին մէջ պաղեստինեան «Համաս» խմբաւորման մօտ պահուող իսրայէլցի գերիներու հարազատները: Անոնք Նաթանիահուի կառավարութենէն կրկին պահանջած էին ամէն ինչ ընել գերութեան մէջ գտնուողները ազատելու համար՝ վարչապետը որակելով որպէս «գերիներու ազատ արձակման գործարքի խոչընդոտ»: