Եգիպտոսի եւ Ռուսիոյ նախագահներ Ապտ Ալ Ֆաթահ Սիսի եւ Վլատիմիր Փութին հեռախօսազրոյցի ընթացքին քննարկած են իրավիճակը Կազայի մէջ, մարդասիրական օգնութեան առաքումը տարածք եւ պայմանաւորուած են շարունակել պաղեստինեան հատուածին մէջ հրադադարի հաստատման ուղղուած համատեղ ջանքերը:
ԹԱՍՍ-ի հաղորդմամբ, այդ մասին յայտարարած է Եգիպտոսի առաջնորդի պաշտօնական ներկայացուցիչ Ահմէտ Ֆահմի։
Ան աւելցուցած է, որ կողմերը քննարկած են Եգիպտոսի միջոցով հակամարտութեան գօտի ամենամեծ քանակութեամբ մարդասիրական օգնութիւն հասցնելու հարցը, որ անհրաժեշտ է Կազայի ժողովուրդին։
Սիսի եւ Փութին պայմանաւորուած են ապագային նոյնպէս լրջօրէն հետամուտ ըլլալ հրադադարի հաստատման։ Անոնց կարծիքով՝ միջազգային հանրութիւնը նոյնպէս պէտք է պատասխանատուութիւն ստանձնէ այդ նպատակին հասնելու համար: