Կազայի հատուածին մէջ պատերազմի ժամանակ զոհուած իսրայէլցի զինուորներու թիւը հասած է 600-ի, յայտնած է AFP-ն՝ վկայակոչելով Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը: Անոր խօսքով՝ 20-ամեայ զինծառայող Նատավա Քոհէնը սպանուած է վերջին 24 ժամուան ընթացքին։ Անոր մահուան հանգամանքները չեն հաղորդուիր։
Իսրայէլի եւ պաղեստինեան «Համաս» շարժման միջեւ պատերազմը կը շարունակուի 2023 թուականի հոկտեմբեր 7-էն։ Իսրայէլը հաղորդած է ընդհանուր 1,4 հազար զոհի մասին, Պաղեստինի իշխանութիւնները յայտնած են, որ Կազայի մէջ զոհուած է աւելի քան 32 հազար մարդ:
2024 թուականի փետրուարին հակամարտող կողմերը, ինչպէս նաեւ Եգիպտոսի, Քաթարի եւ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչները հանդիպած են Տոհայի մէջ՝ քննարկելու զինադադարը: Անցեալ շաբաթ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը բանաձեւ ընդունած է, որով կոչ ըրած է դադրեցնելու կրակը Կազայի մէջ։