image

Կազա. 65 000 երեխայ սովէն փրկուելու համար տեղափոխուած է հիւանդանոց

Կազա.  65 000 երեխայ  սովէն  փրկուելու համար  տեղափոխուած է հիւանդանոց

Կազայի հատուածին մէջ Իսրայէլի կողմէ շարունակուող շրջափակման լոյսին տակ աւելի քան 65 000 երեխայ հիւանդանոց տեղափոխուած է՝ սուր թերսնման պատճառով։ Այս մասին յայտնած է «Al Masirah» հեռուստաալիքը՝ յղում ընելով Կազայի կառավարութեան հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան։

Հեռուստաալիքի տուեալներով՝ ամէն օր սովէ տառապող 1.1 միլիոն պաղեստինցի երեխաներու եւ դեռահասներու մօտ սուր թերսնումը յանգեցուցած է աւելի քան 65 հազար մարդու հիւանդանոց տեղափոխման։

Աւելի վաղ UNRWA-ն խոր մտահոգութիւն յայտնած էր մարտ 2-էն Իսրայէլի կողմէ Կազային օգնութեան մատակարարման արգելքի պատճառով առաջացած աղէտալի իրավիճակի կապակցութեամբ։

«Անկլաւին մէջ սովը կը տարածուի եւ կը խորանայ։ Այն միտումնաւոր է եւ մարդածին։ Կազան յուսահատութեան շրջանի վերածուած է», – X-ի էջին գրած է UNRWA-ի ընդհանուր յանձնակատար Ֆիլիփ Լազարինին։

Մարտ 2-ին Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն յայտարարած է Կազայի հատուած մարդասիրական մատակարարումներու դադրեցման եւ բոլոր սահմանային հսկիչ անցակէտերու փակման մասին։ Իսրայէլի իշխանութիւններու տուեալներով՝ այս որոշումը կայացուած է, քանի որ «Համաս» շարժումը մերժած է ԱՄՆ յատուկ բանագնաց Սթիւ Ուիթքոֆի՝ անկլաւին մէջ հրադադարի ռեժիմը երկարաձգելու ծրագիրը։