image

Կայացած է Պլինքըն-Լաւրով հեռախօսազրոյց

Կայացած է Պլինքըն-Լաւրով հեռախօսազրոյց

Ապրիլ 2-ի կէսօրին հեռախօսազրոյց տեղի ունեցած է Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովի եւ ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի միջեւ։ Անոնք քննարկած են The Wall Street Journal-ի ամերիկացի թղթակից Էվան Կերշքովիչի ձերբակալութեան հետ կապուած իրավիճակը։ Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը։

«Շեշտուած է Ուաշինկթընի պաշտօնեաներու եւ արեւմտեան լրատուամիջոցներու կողմէ իրարանցում առաջացնելու եւ այս գործին քաղաքական երանգ հաղորդելու յստակ մտադրութեան անընդունելիութիւնը», -ըսուած է Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան թելեկրամեան հաղորդագրութեան մէջ։

«Սերկէյ Լաւրով մասնաւորապէս նշած է, որ Էվան Կերշքովիչը բռնած են գաղտնի տեղեկատւութիւն ստանալու փորձի ժամանակ՝ լրագրողական կարգավիճակի քօղի տակ պետական գաղտնիք կազմող տուեալներ հաւաքելու ժամանակ», - աւելցուցած է Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը։

Ըստ Միացեալ Նահանգներու Պետական քարտուղարութեան մամուլի ծառայութեան՝ Պլինքըն լուրջ մտահոգութիւն յայտնած է Ռուսիոյ կողմէ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիի՝ լրագրողի անընդունելի ձերբակալման կապակցութեամբ։ Պլինքըն կոչ ըրած է անյապաղ ազատ արձակելու Էվան Կերշքովիչը եւ անօրինական կերպով ձերբակալուած Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի Փոլ Ուելանը։