Թուֆէնքեան բարեգործական հիմնադրամը, շարունակելով իր առաքելութիւնը հերթական բարեգործական ծրագիր կեանքի կոչած է Կարմիր շուկայի համայնքին մէջ, վերանորոգած է եւ շահագործման յանձնած Արցախեան վերջին պատերազմին ոտքերէն վիրաւորում ստացած եւ բազմազաւակ հայր՝ Արտակ Շահնազարեանի տունը:
Բնակարանը մուտք գործելու արարողութեան ներկայ էին ԱՀ պետական նախարարի խորհրդական, մարդասիրական եւ զարգացման ծրագրերու համակարգող՝ Յակոբ Իփճեան, Արցախի Հայ դատի գրասենեակի ներկայացուցիչ՝ Գեւ Իսկաջեան, Թուֆէնքեան բարեգործական հիմնադրամի հանրային կապերու պատասխանատու՝ Ռուբէն Ճանպազեան, Թուֆէնքեան բարեգործական հիմնադրամի շինարարական ծրագրերու պատասխանատու՝ Էտկար Դանիէլեան եւ այլոք:
Կարմիր ժապաւէնը կտրած են համայնքի ղեկավար՝ Նարեկ Աթայեանը եւ Արտակի աւագ որդին` Վալերի Շահնազարեանը:
Ռուբէն Ճանպազեան շնորհաւորած է Շահնազարեանները բնակարանամուտի կապակցութեամբ: Եօթ հոգինոց բազմանդամ ընտանիքն այսուհետեւ պիտի ապրի վերանորոգուած չորս սենեակնոց առանձնատունը. «Հիմնադրամի համար մեծ ուրախութիւն է այսօր գտնուիլ այստեղ, իր փոքրիկ ներդրումն ունենալ Արցախի մէջ, մասնաւորապէս` Կարմիր շուկայի մէջ: Մենք կ'ընենք ամէն հնարաւոր, որպէսզի դժուարութիւններու միջով անցած ժողովուրդի դէմքին ժպիտ ըլլայ: Շնորհակալ ենք շինարարներուն, որ ջանք չխնայեցին սեղմ ժամկէտներով տան վերանորոգումն աւարտին հասցնելու համար: Ինչպէս նաեւ շնորհակալ ենք աշխարհի տարբեր կէտերը գտնուող մեր բոլոր նուիրատուներուն, որոնք աջակցած են եւ կը շարունակեն մինչեւ այսօր աջակցիլ մեր բոլոր ծրագրերն իրականացնելու համար»,-մասնաւորապէս նշած է ան:
Ընտանիքի հայրը կը պատմէ, որ պատերազմի ընթացքին տարբեր աստիճաններու վնասներ կրած է իրենց տունը: Աշխարհազօրայիններու կազմին մէջ մասնակցած է 44-օրեայ պատերազմին եւ 28 հոկտեմբերին վիրաւորուած. «Պատերազմի աւարտէն յետոյ մենք ուշ վերադարձանք գիւղ՝ կապուած իմ բուժման եւ վերականգնման հետ: Տան պայմանները բարւոք վիճակի մէջ չէին: Համայնքապետարանի աջակցութեամբ տան մէջ ապրելու համար առաջին պայմանները ստեղծեցինք: Իսկ այսօր մեզի համար մեծ ուրախութիւն է, քանի որ Թուֆէնքեան բարեգործական հիմնադրամի միջոցով հնարաւորութիւն ընձեռուած է ապրիլ այսպիսի յարմարաւէտ պայմաններու մէջ: Մեր սեփական տունը չի տարբերիր քաղաքի բնակարաններէն: Երեխաներս ուրախացած եւ միաժամանակ զարմացած կը հարցնեն՝ «Պապ, մենք հիմա քաղա՞ք կ'ապրինք, թէ գիւղ»»,-ժպիտը դէմքին կը պատմէ Արտակ:
Արտակի կինը՝ Նարինէն, շնորհակալութիւն յայտնած է Հիմնադրամին՝ իրենց ընտանիքի կողքին գտնուելու եւ աջակցելու համար. «Կը ցանկամ Արցախ աշխարհին խաղաղութիւն, թող նման ծրագրերը շարունակական ըլլան: Յոյս ունիմ, որ ամէն ինչ լաւ կ'ըլլայ, կը կարողանանք մեր բազմանդամ ընտանիքով ապրիլ սահմանամերձ դարձած մեր գիւղի, գեղեցիկ վերակառուցուած մեր տունի մէջ»:
Շահնազարեաններու ընտանիքն իրենց ապագան հայրենի գիւղէն, ծննդավայրէն բացի այլ տեղ չի տեսներ. «Ուրիշ տեղ ինչքան ալ ըսեն ապահով է, անվտանգ է, մէկ է՝ մեր տունէն, մեր հող ու ջուրէն լաւ տեղ չկայ: Սա ազգային պայքար է ու պէտք է մինչեւ վերջ տանիլ: Տեղդ փոխելով` պայքարդ չես փոխեր ու չ'աւարտիր»,-ըսած է բազմազաւակ հայրը:
Նարինէ Հայրապետեան
«Ամարաս» թերթ
Լուսանկարները՝ «Թուֆէնքեան Հիմնադրամ»էն