image

Կարմիր խաչը Կազայի մէջ կորսնցուցած է կապը բոլոր աշխատակիցներուն հետ

Կարմիր խաչը Կազայի մէջ կորսնցուցած է կապը բոլոր աշխատակիցներուն հետ

Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի պաղեստինեան ստորաբաժանումը Կազայի հատուածին մէջ կորսնցուցած է կապը աշխատակիցներու եւ գործընկերներու հետ։

«Կազայի մէջ տագնապալի իրավիճակ ստեղծուած է, եւ մենք կորսնցուցած ենք կապը մեր խումբերու հետ»,- ըսած է կազմակերպութիւնը X իր էջին։

Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի պաղեստինեան  ստորաբաժանումը նաեւ տեղեկացուցած է, որ «Իսրայէլի իշխանութիւններն անջատած են տեղական, բջիջային եւ համացանցի-կապը, որ լուրջ ազդեցութիւն ունեցած է կարեւոր ծառայութիւններու, այդ շարքին շտապ բուժօգնութեան ծառայութեան գործունեութեան վրայ»։