image
Հրատապ լուրեր:

Կարմիր Խաչին դէմ արգելք՝ Պաքուի կողմանէ

Կարմիր Խաչին դէմ արգելք՝ Պաքուի կողմանէ

Մայիս 26-ին ՀՀ ինքնիշխան տարածքին մէջ ատրպէյճանցիներու կողմէ առեւանգուած եւ Ատրպէյճանի մէջ գերութեան մէջ պահուող երկու հայ զինծառայողներուն Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչներուն դեռ թոյլ չեն տուած տեսակցիլ։ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէէն հաղորդած են, որ դեռ չեն տեսակցած անոնց։

Յիշեցնենք` 26 մարտին մարտական դիրքեր սնունդ մատակարարող ՀՀ Զինուած ուժերու 2 զինծառայողի հետ կապն ընդհատուած էր։ Մայիս 27-ին միջդիրքային ճանապարհին յայտնաբերուած է թիկունքային մատակարարման մեքենան, որու մէջ եղած է նաեւ զինուորներէն մէկուն ամրակցուած զէնքը։ Նոյն օրը յայտնի դարձաւ անոնց առեւանգած են ատրպէյճանցիները։

ՊՆ–ն հրապարակած է նաեւ զինծառայողներու անունները`Յարութիւն Եուրիկի Հովագիմեան եւ Կարէն Աշոտի Ղազարեան: