Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչներն այցելած են Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներուն, այդ շարքին՝ Արցախի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարներուն։
Տեղեկութիւնը յայտնած է Հայաստանի մէջ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի պատուիրակութեան հաղորդակցման ծրագրերու ղեկավար Զառա Ամատունին։
Այցի ընթացքին անոնց հնարաւորութիւն ընձեռուած է կապ հաստատել ընտանիքի անդամներու հետ։
Նշենք, որ վերջին անգամ կազմակերպութեան ներկայացուցիչները Պաքուի մէջ պահուող անձանց հետ հանդիպած են այս տարուան յունիսի վերջը։
Պաքուն պաշտօնապէս կը հաստատէ 23 հայերու գերեվարման փաստը, որոնցմէ 17-ը յայտնուած են այնտեղ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ Ատրպէյճանի սեպտեմբերեան յարձակումէն ետք: Անոնց շարքին են Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ներկայացուցիչները։