image

Կարգալուծութիւն եւ պատասխան բաց- նամակ. Ի՞նչ կը կատարուի Երուսաղէմի մէջ

Կարգալուծութիւն եւ պատասխան բաց- նամակ. Ի՞նչ կը կատարուի Երուսաղէմի մէջ

«Արեւելք» այս բոլորը հանրութեան կը ներկայացնէ յարգելով մամուլի կանոնները ու նաեւ արդէն իսկ տարածուած տեղեկութիւնները հանրութեան ուշադրութեան ներկայացնելու անկախ մամլոյ  յանձնառութեամբ։

Երկար ժամանակէ ի վեր լռութեան մատնուած Երուսաղէմի Հայոց Միաբանութեան խնդիրները դարձեալ հրապարակ ելած են։Խնդիրն այն է, որ հրամանաւ Երուսաղէմի Հայ Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Պատրիարքի կարգալոյծ կատարուած է Միաբանութեան երէց անդամներէն՝ Հոգշ. Տ. Պարէտ ծ. վրդ Երէցեանը (Կարգալուծութեան մասին հրապարակումը տեսնել ներքեւը)։

 Պատրիարքութեան դիւանի կնիքը կրող հաղորդագրութեան մէջ Հայր Պարէտին կ՚ուղղուին ծանր մեղադրանքներ, որոնք նոյնպէս արձագանգի առիթ հանդիսացած են երկար ժամանակէ ի վեր Երուսաղէմի Հայոց Միաբանութեան Կալուածոց Տեսուչի պաշտօնը զբաղեցուցած վարդապետին։

 

Ստորեւ նոյնպէս հանրութեան կը ներկայացնենք Հայր Պարէտի կողմէ պատրաստուած նամակը ու նաեւ անոր եւ Միաբանութեան երէց այլ անդամի մը՝ Հոգշ. Տ. Սամուէլ ծ.վրդ. Աղոյեանի միացեալ ստորագրութիւնը կրող նամակ մը, որ կը ներկայացնէ ընդհանուր իրադրութիւնը նախքան յայտնի գործարքի կնքուիլը։

 

 

Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Երուսաղէմի մէջ որոշակի խնդիրներ մէջտեղ ելան Պատրիարք հօր եւ իսրայէլացի գործարարի մը միջեւ կայացած գործարքի լուրին հրապարակումէն ետք։

 Այդ գործարքի ճամբով Հայոց Վանքին պատկանող բոլորիս յայտնի «Կովերու պարտէզ» հողային հատուածը պիտի տրուէր վարձակալութեան, հետեւաբար նաեւ վարձակալութեան, որուն համար ալ համայնքին մէջ որոշակի ձայներ իրենց բողոքը կը գրանցէին։

«Արեւելք» այս բոլորը հանրութեան կը ներկայացնէ յարգելով մամուլի կանոնները ու նաեւ արդէն իսկ տարածուած տեղեկութիւնները հանրութեան ուշադրութեան ներկայացնելու  անկախ  մամլոյ  յանձնառութեամբ։