image

«Կապիկի ծաղիկ» հիւանդութիւնը խոր մտահոգութիւն դարձած է ԱՀԿ-ին համար

«Կապիկի ծաղիկ» հիւանդութիւնը խոր մտահոգութիւն դարձած է ԱՀԿ-ին համար

Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութիւնը (ԱՀԿ) կապիկի ծաղիկի բռնկումը համաշխարհային արտակարգ իրավիճակ յայտարարած է: Այս մասին կը հաղորդէ AP-ը։ 

Այդ կը նշանակէ, որ կապիկի ծաղիկի բռնկումն «արտակարգ իրադարձութիւն» է, որ կրնայ տարածուիլ աւելի շատ երկիրներու մէջ եւ կը պահանջէ համակարգուած միջազգային արձագանգ: ԱՀԿ-ն նախապէս արտակարգ իրավիճակ յայտարարած է COVID-19 համավարակը, 2014 թուականին Էփոլայի բռնկումը, 2016 թուականին Զիքա վարակը։ Անցեալ ամիս ԱՀԿ-ի փորձագիտական ​​կոմիտէն յայտարարած է, որ կապիկի ծաղիկի համաշխարհային բռնկումը դեռ միջազգային արտակարգ իրավիճակ չէ, բայց կոմիտէն այս շաբաթ հանդիպած է՝ իրավիճակը վերագնահատելու համար:

Ըստ ԱՄՆ Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման կեդրոնի տուեալներու՝ մօտաւորապէս մայիսէն 74 երկիրներու մէջ գրանցուած է կապիկի ծաղիկի աւելի քան 16 000 դէպք: Մինչ օրս մահացութեան դէպքեր գրանցուած են միայն Ափրիկէի մէջ, ուր վարակի աւելի վարակիչ տարբերակը կը տարածուի հիմնական Նիճերիոյ եւ Քոնկոյի մէջ: