image

Կանխել ցեղասպանութիւնը ԼՂ-ի մէջ. թուրք իրաւապաշտպաններու կոչը

Կանխել ցեղասպանութիւնը ԼՂ-ի մէջ. թուրք իրաւապաշտպաններու կոչը

Ղարաբաղի դէմ Ատրպէյճանի ռազմական գործողութենէն ետք Թուրքիոյ 123 իրաւապաշտպաններ կոչով դիմած են միջազգային կազմակերպութիւններուն՝ մտահոգութիւն յայտնելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ «կայ էթնիք զտումներու եւ ցեղասպանութեան ակնյայտ վտանգ»։

«Մենք կոչ կ'ընենք միջազգային կազմակերպութիւններուն, յատկապէս ՄԱԿ-ին եւ միջազգային հանրութեան աշխուժ դիրքորոշում ցուցաբերելու: Մարդասիրական օգնութիւնը եւ օդային փոխադրումները պէտք է անյապաղ սկսին, տարածաշրջանին մէջ արգելափակուած խաղաղ բնակիչները պէտք է տարհանել անվտանգ վայրեր։ Ազատ ապրելու պայմանները, որոնցմէ կ'օգտուի իւրաքանչիւր երկրի քաղաքացի, պէտք է երաշխաւորուած ըլլան նաեւ ղարաբաղցիներու համար»,- ըսուած է կոչին մէջ։

Կոչը ստորագրած իրաւապաշտպանները միջազգային կառոյցներուն խորհուրդ կու տան գործելու արագ. «Կանխել ցեղասպանութիւնները չի նշանակեր սպասել ատոնց կատարման, յետոյ միջամտել։ Այդ կը նշանակէ աշխուժօրէն փորձել կանխել ցեղասպանութիւնը»։