«Նուպարաշէն» քրէակատարողական հիմնարկ տեղափոխուած Արսէն Ղուկասեանի կեանքին վտանգ կը սպառնայ։ Այս մասին «Sputnik Արմենիա»ի հետ զրոյցին ըսած է փաստաբան Տաթեւ Սողոյեանը։
Փաստաբանի խօսքով` վարոյթն իրականացնող մարմնին առաջին պահէն ներկայացուած եղած է Արսէն Ղուկասեանի առողջական վիճակի մասին՝ հիւանդութեան պատմութեան (թերթիկի) եզրակացութիւնը եւ հաշմանդամութեան կարգը։ Հակառակ ատոր` դատարանը, անտեսելով այդ ամէնը, ընտրած է կալանաւորումը որպէս ծանրագոյն միջոց, որ ուղղակիօրէն կը հակասէ կառավարութեան որոշման, որովհետեւ ոչ թէ մէկ, այլ քանի մը կէտով ունի այնպիսի հիւանդութիւններ, որոնք անհամատեղելի են կալանքի կրման պայմաններու հետ։
«Ղուկասեանն ունի սրտի իշեմիկ հիւանդութիւններ՝ քրոնիկ կորոնար համախտանիշ, մի քանի անգամ տարել է սրտամկանի ինֆարկտ, 3 անգամ ստենտաւորուել է, սրտի աշխատանքը ապահովելու համար տեղադրուել է աջակցող սարք, եւ զարկերակային ճնշումը շատ բարձր ռիսկի է (2-րդ փուլ)։ Ձերբակալման օրը՝ հոկտեմբերի 6–ին, շտապօգնութեան խումբն արձանագրել է, որ Ղուկասեանն ունի գանգատ, քանի որ միջադէպի ժամանակ ստացել է հարուած կրծքավանդակի շրջանում, որի հետեւանքով սրտի դեֆիբիլյատոր սարքը հնարաւոր է` վնասուել է։ Նրան ցուցուած է եղել անյապաղ դիմել բուժօգնութեան այն բուժհաստատութիւն, որտեղ կատարել է սարքի տեղադրումը` դրա անսարքութիւնը ժխտելու նպատակով, ինչը մինչ այս պահը չի իրականացուել։ Այսինքն` այս պահին գործ ունենք խիստ ռիսկային իրավիճակի հետ, երբ մարդու կեանքին վտանգ է սպառնում»,–ըսած է ան։
Փաստաբանը աւելցուցած է, որ ինչպէս ձերբակալման օրը, այնպէս ալ կալանաւորման օրը շտապօգնութեան խումբը Ղուկասեանի մօտ արձանագրած է բարձր ճնշում։
Սողոյեանն ընդգծած է, որ այս պահուն քայլեր կը ձեռնարկեն բժշկական փաստաթուղթերն ու համապատասխան միջնորդութիւնները բոլոր իրաւասու մարմիններուն ուղարկելու ուղղութեամբ, որպէսզի վայրկեան առաջ Արսէն Ղուկասեանը դուրս գայ կալանավայրէն ու առաջին իսկ հնարաւորութեան պարագային ներկայանայ շարժական բժշկական կեդրոն՝ առողջական վիճակի պատշաճ ստուգման համար։
Յիշեցնենք, որ հոկտեմբեր 6-ին ձերբակալած են անհետ կորսուած զինծառայողերու հարազատներէն երկուքը` Ապիջան Սարգսեանը եւ Արսէն Ղուկասեանը, ետքը յայտնի դարձած է, որ Ապիջան Սարգսեանը ազատ արձակած են, իսկ Արսէն Ղուկասեանը`ոչ։ Անոնց մեղադրանք առաջադրուած է սեպտեմբեր 29–ին ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան շէնքի մօտ բողոքի ցոյցի ընթացքին քաշքշուկի ժամանակ խուլիկանութիւն կատարելու եւ պաշտօնատար անձի օրինական ծառայողական կամ քաղաքական գործունէութեան միջամտելու յօդուածներով։ Հոկտեմբեր 7-ին յայտնի դարձած է, որ Արսէն Ղուկասեանը 1 ամիսով կալանաւորուած է։