Հայազգի նուիրեալներէն եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը ամենաբարձր ամպիոններուն հասցուցած Փրոֆ. Վահագն Տատրեանի Երեւանի մէջ գտնուող շիրիմին հարցը մեծ աղմուկ բարձրացուցած է։
Այս մասին տեղեկութիւնը ստացանք, մասնաւորապէս Լոս Անճելըսի մէջ գործող Պոլսահայոց Միութիւնէն, որ հաղորդագրութիւն մը հրապարկելով այպանած է առկայ իրադրութիւնը եւ կոչ ուղղած արագօրէն բարեկարգել երախտարժան գործիչին շիրիմը։
Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք տարածուած յայտարարութիւնը հաւաստելով, որ մենք եւս լրատուական առումով պիտի հետեւինք այս թեմայի գալիք զարգացումներուն։
«Արարատ տան» «Էսկիճեան» թանգարանի տնօրէնուհի Մէկի Կօշին յայտնեց, որ ցեղասպանագէտ Վահագն Տատրեանի գերեզմանը մնացած է անխնամ եւ մոլախոտ-թուփերով լեցուած. աւելի վատ՝ գերեզմանին վրայ նշում չկայ:
Նշենք, որ փրոֆ. Տարեան թաղուած էր 2019ին, Երեւանի մէջ գտնուող գերեզմանատան մը մէջ։
Մինչ Երեւանի Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր տանող ճանապարհին կը մեծարեն օտար բազմաթիւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, անընդունելի եւ անսահման ամօթ է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակակից հետազօտութեան հիմնադիրին գերեզմանը գտնուի անբարեկարգ եւ մոռցուած գերեզմանատան մէջ, առանց նոյնիսկ գերեզմանի նշագիծի: Կ՛այպանենք այսպիսի անտարբերութիւնը հռչակաւոր գիտնականի մը, որ իր կեանքը նուիրած է Հայոց Ցեղասպանութեան հետազօտութեան եւ մարդկային իրաւունքները պաշտպանելու ջանքերով:
Նախապէս, իր մահուան առիթով, առաջարկած էինք Ծիծեռնակաբերդի թանգարանի տնօրէնութեան, որ անոր յատուկ տեղ մը դասաւորեն, որպէսզի մշտնջենապէս յիշուի անոր անունը, որովհետեւ ան արժանի անձ մըն էր: «Ապագային ձեր այս խնդրանքը նկատի կ՛առնուի», ըսուած էր: Ապա իր աճիւնները Հայաստան ղրկուեցան, որպէսզի Եռաբլուրի պանթէոնին մէջ զետեղուի, եւ ահա իրենց ըրածը:
Գիտենք, որ Հայաստան այսօր տագնապի մէջ է, սակայն երբեք վայել չէ, որ իր բոլոր կեանքը Հայոց Ցեղասպանութեան ճշմարտութեան բացայայտումին զոհաբերած պոլսահայ ցեղասպանագէտ գիտնական փրոֆ. Վահագն Նորայր Տատրեանի աճիւնները անյայտ տեղ մը թաղուին:
Վստահ չենք, թէ ո՛վ է պատասխանատուն Տատրեանի յուղարկաւորութեան, կամ ո՞վ է պատասխանատու անոր համար գերեզման կառուցելուն: Ինչ որ ալ ըլլան պատճառները, վստահ ենք, որ բոլորը կը համաձայնին մեզի հետ, որ տեղի ունեցածը մեծ ամօթ է եւ անընդունելի:
ՄԵՆՔ՝ ԼՈՍ ԱՆՃԷԼԸՍԻ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՆՈՒՆՈՎ ԿԸ ՊԱԽԱՐԱԿԵՆՔ ԱՅՍ ԴՐՈՒԹԻՒՆԸ, ՅՈՒՍԱԼՈՎ, ՈՐ ԻՐԵՆՑ ԸՐԱԾ ԱՅՍ ՍԽԱԼԸ ԸՆԴՈԻՆԻՆ ԵՒ ԱՆՈՐ ԱՃԻՒՆՆԵՐԸ ՏԵՂԱՒՈՐԵՆ ԵՌԱԲԼՈՒՐԻ ՄԷՋ:
Լոս Անճէլըսի Պոլսահայ Միութեան Վարչութիւն