image

Կ՚ակնկալենք, որ Հայաստանը կը շարունակէ իր աշխատանքը ՀԱՊԿ-ի մէջ. Փեսքով

Կ՚ակնկալենք, որ Հայաստանը կը շարունակէ իր աշխատանքը ՀԱՊԿ-ի մէջ. Փեսքով

Քրեմլը կը ցաւի, որ Հայաստանը բարձր մակարդակով պիտի չմասնակցի նոյեմբեր 23-ին Մինսքի մէջ կայանալիք ՀԱՊԿ գագաթնաժողովին եւ յուսով է, որ Երեւանը կը շարունակէ աշխատանքը կազմակերպութեան շրջածիրէն ներս, ըսած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը։

«Ի հարկէ, կրնանք ափսոսանք յայտնել, որ Հայաստանը վաղը բարձր մակարդակով պիտի չմասնակցի այս գագաթնաժողովին, յուսով ենք, որ կ՚ըլլայ աշխատանքային, փորձագիտական մակարդակով մասնակցութիւն: Բայց, ի հարկէ, կ՚ակնկալենք, որ Հայաստանը կը շարունակէ իր աշխատանքը կազմակերպութեան շրջածիրէն ներս»,-ըսած է ան լրագրողներուն։

Նախօրէին յայտնի դարձած է, որ ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանը պիտի չմասնակցի ՀԱՊԿ շրջածիրէն ներս Մինսքի մէջ կայանալիք հանդիպումներուն։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավար Արարատ Միրզոյեանը Պելառուսիոյ իր գործընկեր Սերկէյ Ալէյնիքի հետ հեռախօսազրոյցին նոյնպէս աւելի վաղ ըսած էր, որ չի կրնար մասնակցիլ Արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի համատեղ նիստին: